V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Sunday, January 28, 2024

2024, Year of Human Resources Preparation: A letter

 

2024, Year of Human Resources Preparation: A letter

 Catholicos Aram has designated 2024 as the “year of human resources preparation”. Before the Armenian Diaspora youth wanting to intern in Washington, D.C., or in Armenia, it is imperative they first intern locally and in other Armenian Diaspora communities. Attached is my letter I wrote to ANCA in that regard.


Tuesday, January 16, 2024

 

Aram Souren Hamparian

Executive Director 

Armenian National Committee of America,

1711 N Street NW

Washington, DC 20036

 

Re: 2024, “year of human resources preparation

 

 

Sireli Aram Hamparian

 

In his most recent pontifical message, Catholicos Aram I designated 2024 as the “year of human resources preparation” and addressed his pontifical message “to the prelate, the clergy, the community authorities of the Catholicosate of the Great House of Cilicia, and to the daughters and sons of our people.”

 

 It is natural to expect that ANCA will play a definite and a constructive role to that affect

 

I am particularly drawn to the Hovig Apo Saghdejian Capital Gateway Program since the year it was launched. The Saghedjian family is a prominent Kessabtsi dynastic family. The Kessabtsis have endearingly named the family’s prominent son Ovsia, “Daye”, a Turkish word the Kessabtsis have adopted in their dialect for a caring uncle. I have read about the good work the program does, but I also associate to its founding and relate to the program more than the good work outlined. Apo Saghdejian and I were contemporary students during our days in Beirut.

 

Driven by the Catholicos’ massage I have the following suggestion for your consideration. In order for an Armenian young man or woman to qualify for Hovig Apo Saghdejian Capital Gateway Program, that young man or the young woman, should have interned at least a year in his or her local Armenian organization be it the Board of Trustees of a local Armenian church, or central committees of Hamazkayin or HMEM, or the Armenian Relief Society; or for that matter with a local Armenian church’s Men’s Club or the Ladies Guild who do so much to balance a church budget year after year. Thus, the candidate for the program would have a record of having made an effort to improve the local Armenian community and would have understood the community’s needs better. The idea is to have the young man or woman, first be involved and interned locally and made an effort to contribute for the well-being of the local Armenian community to have the privilege of interning in Washington, DC, to bring greater good for the Armenian community whose needs the young man or the young woman would have thus experienced and understood better, than otherwise. 

 

I have already briefly talked to Apo Saghdjian about my concerns. He rightfully suggested that I address my concern and suggestion to you for your consideration.

 

I wish you and ANCA well and look forward to have the year 2024 a year of reflection of our state in the Diaspora.

 

Thank you. 

Serov


Vahe H. Apelian

********************

Boylston, MA 01505

 

cc:     Apraham Saghdejian

         ************************ 

         Fresno, CA 93711

 Note


Human Resources preparation: what will be its measure?

http://vhapelian.blogspot.com/2024/01/blog-post_65.html


Արմենակ Եղիայեան ` Ճանչնանք մեր բառերը (12) - հնդեւրոպական լեզուներ

 Ճանչնանք մեր բառերը (12)   

            Հայերէնի՝ հնդեւրոպական ուրոյն ճիւղ մը ըլլալը առաջին պաշտպանողը եղաւ գերմանացի լեզուաբան Հայնրիխ Հիւբշմանը, որ ստուար հատոր մը նուիրած է իր այս տեսակէտի պաշտպանութեան: Ստորեւ բերուած յօդուածը այդ վարկածին համահունչ  քանի մը բառերու մէկ համեստ  նախաճաշակն է:

1)    գ

         –vin>գին(ի)

         Գինի հասկացութեան  հնդեւրոպական հնագոյն արտայայտութիւնը եղած է voinio, որու սկիզբի v հնչիւնը գոյատեւած է  բազմաթիւ այլ լեզուներու մէջ, մինչ հայերէնի մէջ ան դարձած է Գ:

            Այսպէս՝ յունարէնը  ջնջած է  զայն ու տուած է oinos[1], լատիներէնի  մէջ  vinum է, իտալերէն ու սպաներէն՝ vino, ֆրանսերէն` vin, գերմաներէն՝ wein,  անգլերէն՝ wine.  ուրեմն  բոլորը  պահած են սկիզբի V-ն:

            –vest> (զ)գեստ

            Յառաջացած է հնդեւրոպական  ves նախաձեւէն, որ տուած է յունարէն esthês, լատիներէն vestis[2], իտալերէն   vestito, սպաներէն vestido, ֆրանսերէն veste, անգլերէն vest. բոլորը պահած են սկզբնական  բառասկիզբի v-ն, որուն փոխարէն հայերէնը ունի Գ:

            Հայերէնի բառասկիզբի  զ հնչիւնը արմատական չէ:

            Նոյն զ ոչ-արմատական հնչիւնով օժտուած են (զ)անց, (զ)եռուն, (զ)ահանդ, (զ)արգ(անալ) եւ շատ ու շատ ուրիշներ:

            –vorg՛>wergam>գործ

            Հնդեւրոպական այս սկզբնաձեւի v/`      ```հնչիւնը նախ ինկած է դասական յունարէնի մէջ ու  տուած է ergon: Նորագոյն լեզուներէն  գերմաներէնի մէջ werk  է ան, անգլերէնը՝work, իսկ պարսկերէնը տուած է varz:

            Անցնելով հայերէնին՝ ան կրած է երկու հնչիւնափոխութիւն՝ v>գ  եւ g>ծ. երկրորդը  տեսնել ստորեւ՝ թիւ 2-ի մէջ:

         –vol > գող

            Բառիս ծագումը կը հասնի հնդեւրոպական vol եւ  vold կրկնակ ձեւերուն: Անցնելով հայերէնին ան տուած է երեք ձեւեր գող(տ), գաղ(տ) եւ գեղ(տ):

            Գող(տ), որմէ ունինք գողտուկ:

            Գաղ(տ), որմէ ունինք գաղտնի:

            Գեղ(տ), որմէ ունինք գեղել, այսինքն՝ ծածկել:

            «Սակայն,– նկատել կու տայ Աճառեան,– քոյր լեզուները չեն պահած այս արմատները»: Նորագոյն լեզուներէն զայն կը գտնենք ֆրանսերէնի մէջ՝ vol-voler-voleur,  իտալերէնը զայն կը պահէ միայն involare բային մէջ:

            Անշուշտ ընթերցողը նկատի ունի, որ vol արմատի հնչիւնը իր կարգին հայերէն տուած է ղ(l>ղ), որ այլապէս ծանօթ երեւոյթ է, օրինակ՝ Luc>Ղուկաս (L>Ղ), Solon>Սողոն (l>ղ):

            2. g > ծ

            Այս հնչիւնափոխութիւնը կը գտնենք հետեւեալ բառերու բաղդատութեամբ.                   –Հնդեւրոպ. aig,  իսկ յունական ayg(os) բառերուն դիմաց  ունինք այծ:

            յունարէն meg(a)-ին դիմաց ունինք մեծ:

            –gen տուած է ծին:

            –gnathos տուած է ծնօտ:

            ger(on) տուած է ծեր:

            –Ենթադրելի է հնդեւրոպական arg  արմատ մը, որ յունարէն տուած է argurion, լատիներէն argentum, հայերէն արծ(աթ). ասոր            աթ բաղադրիչը բաղդատել երկ-աթ: Նորագոյն լեզուներէն արմատը կը պահեն ֆրանսերէնը` argent, իտալերէնը՝ argento: Սպաներէնը չէ պահած պարզ արմատը, սակայն ունի կարգ մը բաղադրեալ բառեր՝ argentifero-արծաթաբեր,  argentoso-արծաթախառն, argenteo-արծաթափայլ:

            –ֆրանսերէն gen(oux)-ին դիմաց ունինք ծուն(կ): 

            

            3. Բառասկիզբի S-ի կորուստ

            Հայերէնի իւրայատկութիւններէն մէկն ալ եղած է հնդեւրոպական  կարգ մը արմատներու բառասկիզբի S  հնչիւնի թօթափումը:

             –Առ այս առնենք մեր աղ  արմատը:                                                                                           Հնդեւրոպերէնը ունեցած է sal եւ sald  արմատական տարբերակները, ուր երկրորդը օժտուած է աճականով: Լատիներէնի ու սպաներէնի մէջ  ան   sal է,  ֆրանսերէն՝ sel, իտալերէն՝sale, ռուսերէն՝sol,  գերմաներէն՝ salz,  անգլերէն` salt:

            Ինչպէս կը նկատենք, բոլորն ալ օժտուած են բառասկիզբի  S-ով, բացի յունարէնէն, ուր ան alsէ, իսկ հայերէն ան երկհնչիւն  աղ (l=ղ)  է՝ ի տարբերութիւն մնացեալ բոլորին, ուր անոնք եռահնչիւն  կամ քառահնչիւն են:  

            –Septm>եւթն

         Հնդեւրոպական այս արմատը  յունարէն  տուած է επτά  (eptà), միւսները  պահած են  բառասկիզբի s հնչիւնը. այսպէս,  լատիներէն՝ septem, իտալերէն՝ sette,  ֆրանսերէն՝ sept, ռումաներէն՝septe, գերմաներէն` sieben, անգլերէն՝ seven. վերջին երկուքին մէջ կը գտնենք b>v (b>ւ)  ծանօթ լծակցութիւնը, որուն ակնարկած եմ նախորդ յօդուածովս:   

            Ուրեմն հայերէնը մէկ կողմէ թօթափած է բառասկիզբի   հնչիւնը,– թերեւս յունարէնի հետեւողութեամբ,– միւս կողմէ՝ տեղի ունեցած են   p>ւ եւ m>ն հնչիւնափոխութիւնները, որոնց ակնարկած էի նախորդ յօդուածովս: Այսպէս ստացուած  եւթն  աշխարհաբարի մէջ դարձած է եօթն, իսկ սա իր կարգին   հակում ունի դառնալու եօթ:

            –Sarb>արբ

            Հնդեւրոպական վաղեմի  sarb  «խմել» արմատը լատիներէն տուած sorb(eo)՝ s-ով ձեւը, որ տարածուած է բազմաթիւ լեզուներու մէջ (տեսնել ցանկը «Արմատական»-ի մէջ): Որոնց դիմաց հայերէնը ունը արբ, ուր թօթափուած է բառասկիզբի s հնչիւնը:

            –Սկեսուր > կեսուր

         Աճառեան «բնիկ հայերէն» կը կոչէ այս բառը, ուրեմն ժառանգուած է հնդեւրոպերէնէն, ապա կը թուէ  աւելի քան  20  լեզուներ, ուր թափանցած է ան:

            Բառս իր այս ձեւով  կիրարկուած է մեր ողջ մատենագրութեան մէջ եւ առհասարակ այս ձեւով ալ մինչեւ հիմա կը կիրարկուի արեւելահայերէնի մէջ: 

            Ուրեմն արեմտահայ աշխարհաբարն է որ թօթափած է անոր բառասկիզի ս հնչիւնը, եւ ան դարձած է կեսուր, որմէ՝ կեսրայր (կեսուրին ամուսինը):

            Ծանօթ.– Արդի լեզուներէն բառասկիզբի s-ը թօթափելու հակամէտ է նաեւ  ֆրանսերէնը, որ  ունի école անգլերէնի school-ին դիմաց եւ  écureuil անգլերէնի squirrel-ին դիմաց: Նոյն ֆրանսերէնը կը վերականգնէ  s-ը  scolaire  ածականին մէջ:

            armenag@gmail.com                                                                       Արմենակ Եղիայեան            

            

 



[1] Դասական յունարէնը չունէր  v հնչիւնը. ուրեմն ան գոհացած է ջնջելով զայն իր բառերուն սկիզբը:

[2] Vestior=զգենուլ,  ագանել, հագնիլ




Friday, January 26, 2024

Կառքը ձիուն առջեւը լծել ՝ put the cart before the horse

 վահէ Յ Աբէլեան

 

Պլակին վերնագիրը Ամերիկեան խօսք մըն է որուն պիտի անդրադառնամ։

Եթէ առաջին ակնարկով ՝ Հայրենիք» շաբաթաթերթին վերջին – Յունուար 24, 2023 - խմագրականին հեգնական վերնագիրը՝ «Թաւշեայ Սահմանադրութի՞ւն» կարդալով ընթերցողը չէ կրցած պատկերացնել խմբագրականին խորքը՝ հապա անոր առաջին երկու տողերը կարդալով, ընթերցողը անպայման կը պատկերացընէ որ խմբագրականը՝ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը կասկածի տակ դնել է եւ անոր վարչապետը՝ Նիկոլ Փաշինեանին ենթադրեալ «նենգամտութիւնը» պախարակել։

 Այդ խմբագրականին առաջին երկու տողերը հետեալներն են՝

«Դեռ որքա՞ն կարելի է խաբել։» 

Դեռ որքա՞ն կարելի է խաբուիլ։

Պարզ է չէ՞, վարչապետը կը շարունակէ խաբել ժողովուրդը եւ ժողովուրդ կը շարունակէ խաբուիլ վարչապետէն որուն խմբագիրը կ՚ակնարկէ որպէս  «ազգընտիր»։ Այո, վարչապէտը ազգընտիր է։

Այդ երկու հարցումներուն առընչութեամբ, «Հայրենիք» շաբաթաթերթին խմբագիրը մէջբերած է Ալպէրթ Այնշթայնին (1879-1955) ըրած  յայտարարութիւն մը որ աղերս ունի Ամերիկայի սահմանադրութեան հետ։ Երբ անոր հարց տուած են թէ իր կարծիքով, որո՞նք են քաղաքացիին պարտականութիււնները՝ պաշտպանելու համար Ամերիկայի աւանդական ազատությունները, ինչպես նշուած են սահմանադրութեան   «իրաւունքներու օրինագիծ»-ին մէջ՝ «Bill of Right.”։ Մեծ գիտնականին պատասխանը եղած է այն ինչ որ մէջբերած է խմբագիրը՝

«Սահմանադրութեան ուժը՝ իւրաքանչիւր քաղաքացիի կողմէ զայն իր ամբողջութեանը մէջ կատարելապէս պաշտպանելու վճռականութեան մէջն է։ Սահմանադրական իրաւունքները կ’երաշխաւորուին միայն այն ատեն, երբ իւրաքանչիւր քաղաքացի իր պարտաւորութիւնը նկատէ իր բաժինը կատարելու՝ զայն պաշտպանութեան գործին մէջ»:

Ի՞նչ կ՚ըսէ Ալպէրթ Այնշթայնը այդ  յայտարարութիւնբ՝

Յայտարարութինը կը նշէ որ՝ «սահմանադրական իրաւունքները կ’երաշխաւորուին միայն այն ատեն, երբ իւրաքանչիւր քաղաքացի իր պարտաւորութիւնը նկատէ իր բաժինը կատարելու զայն պաշտպանելու գործին մէջ։» Հոս պէտք է ճշդեմ որ յարգելի խմբագիրը, ինծի նման, Հայաստանի քաղաքացի չէ. Հայաստան չի բնակիր. Հայաստանի հզորացման իր մասնակցութիւնը չի բերեր իր հանապազօրեայ աշխատանքէն մաս մը կառաւարութեան յանձելով որպէս տուրք կամ հարկ։ Նմանապէս ինք եւ իր ընտանեկան պարագանները երբեք Հայաստանի բանակին զինուորագրուած ըլլալու պարտաւորութիւնը չեն ունեցած եւ չունին, ինչպէս է նաեւ իմ պարագայիս։  Հետեւաբար ես եւ խմբագիրը Հայաստանի սահմանադրութիւնը պաշտպանելու պարտաւորութիւնը չունինք եւ չենք կրնար ունենալ։ Անհրաժեշտ կը նկատեմ որ նման քաղաքացիական պարտաւորութիւններուն սփիւռքահայը գիտակից ըլլայ` նշէ զանոնք, յարգէ, եւ պատուէ այդ պատասխանատուութիւնները ստանցնող Հայաստանի քաղաքացինները որոնք պիտի կրեն երկիրը կառավարող սահմանադրութեան հետեւանքները։

Գալով Հայաստանի քաղաքացիներուն, անոնք Սեպտեմբեր 21, 1991-ին, Սովետական Սովետական Հայաստանը հռչակեցին ազատ եւ անկախ եւ 1995-ին որդեգրեցին հանրապետութեան սահմանակդրութիւնը։ Ապա՝ բարեփոխեցին զայն 2005-ին։ Իսկ 2015-ին հիմնովին յեղաշրջեցին սահմանադրութիւնը զանց ընելով նախագահական դրութիւնը ի նպաստ ներկայ վարչապետական դրութեան։ 

Սահմանադրութեան մը փոփոխութիւները, անբնական երեւոյթներ չեն ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգերը՝ քանի մը տասնեակ անգամ բարեփոխած է իր սահմանադրութիւնը անոր կցելով այդ փոփոխութիւնները որոնք կը կոչուին «amendment», այսինք բարեփոխում։ կրնայ ըլլալ որ այդքան ալ բարի փոփոխութիւն չըլլայ եղածը, երկրորդ բաեփոխութեան ակնարկելով։ Բայց այդ ուրիշ հարց։

Հայաստանի վարչապետը յայտարարեց որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան պէտք է ենթարկուի։ Ան մնանապէս նշեց որ կառավարման ձեւի փոփոխութիւն պիտի չըլլայ եւ վարչապետական դրութիւնը պիտի պահուի, բայց փոփոխութիւններու պէտք է որ ենթարկուի։ Այդ յայտարարութիւնը սպասելի էր որ պարարտ առիթ մը ըլլայ հակադրութեան, եւ եղաւ արդէն։

Ըստ երեւոյթին Հայրենիքի խմբագիրը համոզուած է որ 2015-ին Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնը՝ որ հիմնական յեղաշրջում մը եղաւ նախագահական դրութիւնէն դէպի վարչապետական դրութեան, այնքան կատարեալ է որ քանդակուած պիտի մնայ Հայաստնաի հանրապետութեան քաղաքացիներուն համար, իսկ ներկայիս փոփոխութեան առաջարկը համազօր է խաբելու եւ խամբուելու։ Անոր համար է որ  հետեալ Ամերիկեան ասոյթը միտքս եկաւ՝ «put the cart before the horse»՝ հայերէնով կարելի է ըսել «կառքը ձիուն առջեւ լծել» եւ որոշեցի զայն օգտագործել որպէս «պլակ»-իս վերնագիրը։ Ըսուածը այն է որ նախ քան գործը հասկցած ըլլալը, գործին հանդէպ արդէն տրամադրուած ըլլալ։ 

 Տակաւին յայտնի չէ թէ ի՞նչ է որ կ՚առաջարկուի Հայաստանի քաղաքացիներուն որոնք արդէն երեք անգամ Հայաստանի սահմանադրութեան քուէարկած են։  Բնականաբար Հայաստանի քաղաքացիներուն կ՚իյնայ առաջարկուած փոփոխութեան ի նպաստ քուէարկել ինչպէս ըրին 2015-ին, կամ  մերժեն։

Խելամտութիւնը կը պահանջէ փոփոխութեան առաջարկները եւ օրէնսգէտերուն մեկնաբանութիւնները նախ կարդալ, ապա  փոխութեան առընչութեամբ առաջարկներ կամ հիմնաւորուած կարծիքներ ներկայացնել։

Ծանօթ՝ « Այդ երկու հարցումներուն առընչութեամբ,.....» տեղեկագրական յատուածը վերամշակած եմ։ 

        Վահէ Յ Աբէլեան


 

Արմենակ Եղիայեան ` Ճանչնանք մեր բառերը (11) - լծորդ

 

Ճանչնանք մեր բառերը (11)

         1. Հետաքրքիր ընթերցող մը,-- մեկնելով իմ նախորդ յօդուածէս, ուր ըսած էի,  որ հնդեւրոպական nomnսկզբնաձեւը հայերէն դաrձած է անուն,-- հարց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է նման մեծ փոխակերպում մը եւ անցնիլ մէկէն միւսին: 

         Սկսելու համար ըսեմ, որ  անուն-ը գումարն է երկու փոփոխութեանց.

         ա) Առաջինն է բառիս սկիզբը աւելցած  ա ձայնաւորը, որ աճական մըն է, այսինքն ՝ անիմաստ ձայնաւոր մը, որ հայերէնի  մէջ եկած  թառած է անոր առջեւը, ինչպէս պատահած է շատ ուրիշ բառերու: Հնդեւրոպական միւս լեզուներէն աճականով օժտուած է յունարէնը եւս, որ կ’ըսէ (օ)noma:  

         բ)  Երկրորդը՝  մ>ւ փոփոխութիւնն է՝  (ա)նոմն>(ա)նուն:

         Շատ արտասովոր ու բարդ հնչիւնափոխութիւն մըն է  այս, որու  առթիւ կը գոհանամ տալով այլ օրինակներ՝ հաստատելու համար անոր  հաւաստիութիւնը: 

         Ծանօթ.– Զիրար փոխարինելու յատկութիւն ունեցող հնչիւնները կամ տառերը կը կոչուին լծորդ: Ուրեմն մ  եւ ւ  հայերէնի մէջ լծորդ եղած են: 

         Մեր մրջիւն բառը ունի հին տարբերակ մը, որ է մրջիմն (մ>ւ). անոնք երկուքով կը գտնուին   «Նոր հայկազեան»-ի մէջ, հանդերձ այլ զուգադիր կազմութիւններով.

                           մրջիմնոց-մրջիւնոց

                           մրջիմնառիւծ-մրջիւնառիւծ

                           մրջիմնակեր-մրջիւնակեր

որոնց բոլորը վկայուած են  Ե. դարէն եւ որոնց  մէջ ունինք մ>ւ  լծորդութիւնը:

          Պարսկական պաշտաւն բառը,– որ հետագային դարձած է պաշտօն (աւ>o),–պէտք է ունեցած ըլլայ պաշտամն տարբերակ մը (ուրեմն՝ մ>ւ), քանի աւանդուած են պաշտաման եզակի  սեռականը, պաշտամունք յոգնակին,– որ կը գտնուի աշխարհաբարի մէջ եւս,– պաշտամանց յոգնակի սեռականը (տե՛ս «Նոր հայկազեան»):

         Կը կարծեմ, թէ այս  օրինակները, որոնք պատահականութեան արդիւնք  չեն,  գումարած  nomn > (ա)նուն  զոյգին վրայ, բաւարար են փարատելու ամէն կասկած, որ կը վերաբերի մ>ւ  լծորդութեան վաւերականութեան:

         Մեզի ծանօթ հնդեւրոպական այլ լեզուներ անվթար պահած են  հնչիւնը. յունարէն՝ օnoma, լատիներէն՝      nomen       , գերմաներէն ու անգլերէն՝ name, իտալերէն՝ nome, շուետերէն՝ namn,    ֆրանսերէն՝ nom:

         Ասոնց մէջ յատուկ ուշադրութեան արժանի է անգլերէնը, որ ունի noun տարբերակ մը, որ բոլորովին համահունչ  է հայերէնին՝ (ա)նուն – noun:

         3. Մ  եւ ն  լծորդութիւն

         Ասոնք  ռնգային հնչիւններն են, այսինքն՝ ասոնց արտասանութեան առթիւ օդը ոչ թէ բերնէն, այլ ռունգերէն դուրս կու գայ: Ուրեմն ունին բնական լծակցութիւն մը:

         Աստուածաշունչի  գրաբար տարբերակին մէջ  ունինք՝

                           անբիծ՝  9  անգամ

                           ամբիծ՝  21 անգամ

         Այս նոյն երկւութիւնը որոշ չափով կը յամենայ մինչեւ մեր օրերը. թէեւ գրեթէ հանրօրէն ընդունուած է անբիծ ուղղագրութինը, սակայն ամբիծ գրողներն ալ ընդմիշտ  չեն պակսիր.  այս պահուս կը յիշեմ մասնաւորաբար  «Հասկ»-ը:

         Ինչո՞ւ այս տատանումը, ըսենք՝ այս երկւութիւնը:

         Եթէ փորձէք ասոնք ինքներդ արտասանել ու եթէ կարենաք վերլուծել ձեր սեփական արտասանութիւնը, պիտի նկատէք, որ  շատ աւելի հեշտ է արտասանել ամբիծ, քան թէ անբիծ:  Ամբիծ-ը գրեթէ մէկ շունչով  կ’արտասանուի, մինչ անբիծ արտասանելու համար պարտաւոր էք ան-էն ետք առնել շատ փոքրիկ՝ ակնթարթային դադար մը, ինչպէս նաեւ ան-ին ետեւը աւելցնել շատ խուսափուկ, կոտորակային «ը» մը, ապա շարունակել արտասանութիւնը ու աւարտին հասցնել զայն՝ ան-բիծ:

         Պարագան նոյնն  է  երեք երկշրթնային պայթականներուն՝ բ, պ, փ, որոնցմէ առաջ միշտ պիտի կրէք  «ն» արտասանելու դժուարութիւնը, եւ արդէն չէք արտասաներ, այլ կը շրջանցէք  զայն ու մեքենաբար կ’արտասանէք «մ» : 

         Այսպէս՝ դուք կը կարծէք, թէ կ’արտասանէք կամ կը մտադրէք արտասանել՝ անբան, անպարփակ, անփառունակ, մինչդեռ անզգալաբար կ’արտասանէք՝ ամբան, ամպարփակ, ամփառունակ:  

         Այս դժուարութիւնը յատուկ է շատ ուրիշ ժողովուրդներու եւս:

         Հայուն արտասանական դժուարութիւնը   յիշեալ պայթականներէն  առաջ է միայն, եւ  ն-ին կրած փոփոխութիւնը սահմանափակ է. ան միայն  «մ» կրնայ դառնալ:

         Եւրոպական լեզուներու մէջ այս դժուարութիւնը շատ աւելի տարածուն է, օրինակներս կ’առնեմ ֆրանսերէնէն:

         Ֆրանսացին, արտասանելու համար իր  in նախածանցը,– որ համարժէք է մեր  ան-ին,– չորս տարբեր փոփոխութիւններու կ’ենթարկէ զայն.  օրինակ՝

                  ա) dolent    in-dolent

                  բ)   possible         im-possible

                  գ  régulier ir-régulier

                  դ )  légal     il-légal

         Ուրեմն վերադառնալով Աստուածաշունչի ամբիծ եւ անբիծ օրինակներուն պիտի ըսենք հետեւեալը. առաջինը հիմնուած է արտասանութեան վրայ. զայն գրողները արձանագրած են բառը այնպէս, ինչպէս արտասանած են: Մինչ երկրորդը գրողները հիմնուած են անոր ստուգաբանութեան վրայ, այսինքն՝ նկատի ունեցած են, որ ան բիծ բառն է, որ օժտուած է ան ժխտական նախածանցով, եւ այս վերջին սկզբունքին է որ կը հետեւի հայերէնը,  ինչպէս՝ ան-բան, ան-բաւ, ան-բնակ,  ան-պատեհ, ան-պարտ, ան-պէտ, ան-փառունակ, ան-փորձ, ան-փոփոխ եւ այլն: 

         Սակայն ուրիշ է կացութիւնը այն փոխառութիւններուն, որոնց  ստուգաբանութիւնը ծանօթ չէ եղած միջին հայուն. այսպէս՝ ամբար, ամբարիշտ, ամբոխ, ամպ եւ  այլն, որոնք բոլորը  ան-ով կը սկսին պարսկերէնի մէջ:

         Պարագան նոյնն է նաեւ ութիւն-ով վերջացող բառերու գործիականին. օրինակ՝ պատմութեան սեռականը պէտք է տար պատմութեան+բ, սակայն մերոնք գրած են պատմութեամբ (ն>մ), այսինքն՝ այնպէս, ինչպէս արտասանած են:

armenag@gmail.com                                                  Արմենակ Եղիայեան

           

 

 

2024, Year of Human Resources Preparation: A letter

 Catholicos Aram has designated 2024 as the “year of human resources preparation”. Before the Armenian Diaspora youth wanting to intern in Washington, D.C., or in Armenia, it is imperative they first intern locally and in other Armenian Diaspora communities. Attached is my letter I wrote to ANCA in that regard.


Tuesday, January 16, 2024

 

Aram Souren Hamparian

Executive Director 

Armenian National Committee of America,

1711 N Street NW

Washington, DC 20036

 

Re: 2024, “year of human resources preparation

 

 

Sireli Aram Hamparian

 

In his most recent pontifical message, Catholicos Aram I designated 2024 as the “year of human resources preparation” and addressed his pontifical message “to the prelate, the clergy, the community authorities of the Catholicosate of the Great House of Cilicia, and to the daughters and sons of our people.”

 

 It is natural to expect that ANCA will play a definite and a constructive role to that affect

 

I am particularly drawn to the Hovig Apo Saghdejian Capital Gateway Program since the year it was launched. The Saghedjian family is a prominent Kessabtsi dynastic family. The Kessabtsis have endearingly named the family’s prominent son Ovsia, “Daye”, a Turkish word the Kessabtsis have adopted in their dialect for a caring uncle. I have read about the good work the program does, but I also associate to its founding and relate to the program more than the good work outlined. Apo Saghdejian and I were contemporary students during our days in Beirut.

 

Driven by the Catholicos’ massage I have the following suggestion for your consideration. In order for an Armenian young man or woman to qualify for Hovig Apo Saghdejian Capital Gateway Program, that young man or the young woman, should have interned at least a year in his or her local Armenian organization be it the Board of Trustees of a local Armenian church, or central committees of Hamazkayin or HMEM, or the Armenian Relief Society; or for that matter with a local Armenian church’s Men’s Club or the Ladies Guild who do so much to balance a church budget year after year. Thus, the candidate for the program would have a record of having made an effort to improve the local Armenian community and would have understood the community’s needs better. The idea is to have the young man or woman, first be involved and interned locally and made an effort to contribute for the well-being of the local Armenian community to have the privilege of interning in Washington, DC, to bring greater good for the Armenian community whose needs the young man or the young woman would have thus experienced and understood better, than otherwise. 

 

I have already briefly talked to Apo Saghdjian about my concerns. He rightfully suggested that I address my concern and suggestion to you for your consideration.

 

I wish you and ANCA well and look forward to have the year 2024 a year of reflection of our state in the Diaspora.

 

Thank you. 

Serov


Vahe H. Apelian

********************

Boylston, MA 01505

 

cc:     Apraham Saghdejian

         ************************ 

         Fresno, CA 93711

 Note


Human Resources preparation: what will be its measure?

http://vhapelian.blogspot.com/2024/01/blog-post_65.html

Wednesday, January 24, 2024

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն ՝ «Զաւարեան Մատենաշար»

Քիչ առաջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ծրագրած՝ «Զաւարեան» մատենաշարի վեց հատորներու վերահրատարակութեան հանդէսը։ Ներբակը համառօտ ներկայացուեցաւ որպէս «Զաւարեան»-ի խօսքը։

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ծրագրած՝ «Զաւարեան» մատենաշարի վեց հատորներու վերահրատարակութեան լուրը մեզի՝ Սարգիս Քարկոտորեանին, Ատրուշան Արմէնեանին եւ Վահէ Յ. Աբէլեանին հաղորդեց Օհան Արմէնեանը։ Իրեն կը պարտինք մեր անուանական նիւթական աջակցութիւնը այս ծրագիրի իրագործման համար։ 

Մենք իբրեւ Զաւարեան ուսանողական միութեան նախկին անդամներ ընդհանրապէս հաղորդ մնացած ենք իրարու հետ։ Մեր բարեկամութիւնը սկսած էր Զաւարեան աշակերտական միութեան անդամակցութեամբ, երբ դասընկերներ էինք նաեւ Վիգէն Յովսէփեանին հետ։ Վերջինս այժմ Քանատա կը գտնուի։ Ոչ միայն առօրեայ բարեկամութիւն մըն էր՝ մեր վաղ երիտասարդութեան այդ օրերու մեր բարեկամութիւնը, այլեւ նպատակադրուած էր։ Միասնաբար եւ առաջին անգամ ըլլալով խախտեցինք Զաւարեան աշակերտական միութեան ընդունուած սովորութիւնը, որ Զաւարեան աշակերտական միութեան վարչութիւնը միշտ Ճեմարանականներէ բաղկացած կ՛ըլլայ, եւ ընտրուեցանք վարչական - Հայ Աւետարանական Գոլէճի աշակերտներ։

 Աշակերտութենէն անցանք ուսանողական եւ ապա անցանք շարքերը մեզի նմանապէս դասընկեր, Իտալիոյ մէջ վաղամեռիկ Մելքոն Սուքիասեանի հետ։ 

Այսպէս, Համազգայինի հրատարակչատան «Զաւարեան մատենաշար»-ի վերահրատարակութեան ծրագիրը այդ օրերը վերյիշելու առիթ տուաւ մեզի, եւ մատենաշարին չորս իւրաքանչիւր հատորը յիշատակեցինք Զաւարեան ուսանողական միութեան մեր երբեմնի ընկերներէն մէկուն կամ երկուքին անունով։ Ընտրութիւն չէր, որ կատարեցինք, այսինքն՝ նախընտրելով մէկուն անունը յիշատակել, բայց ոչ միւսինը։ Այլ պարզապէս այդ պահուն մեր յիշողութեան մէջ այդ անուններն էին, որոնք տողանցեցին։ 

Այսպէս, հատորներէն մին նուիրեցինք ՍԵՐԺ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆի եւ ՍԱՐԳԻՍ ՖՈՒՃՈՒՐԵԱՆի յիշատակին։ Պարսկաստանէն ժամանելէն ետք, Սերժ Թովմասեանը շատ շուտ ընտելացաւ լիբանանահայ զաւարեանական տղոց հետ եւ մտերմացաւ։ Տարի մը միասնաբար մաս կազմեցինք Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութեան։ Զաւարեանէն անկախ արդէն դարձանք բարեկամներ, ինչպէս կ՛ըլլան բարեկամութիւնները։ 1976-ի մարտ ամսուն, Սերժին եղերական մահը պատահեցաւ «Աղբալեան» ակումբին մէջ։ 

Այսօրուան պէս կը յիշենք Սարգիս Ֆուճուրեանին։ Հին ժողովրդային տան մէջ էր, այսօրուան պատկերացումով՝ Արեւմտեան Պէյրութի մէջ։ Հայկազեանէն շրջանաւարտութեան շրջանը ըլլալու էր։ Ան յայտնեց, որ ծրագրած Է Ամերիկա բժշկութիւն ուսանիլ եւ արդէն սկսած է դիմել։ Նահատակուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, հայկական շրջանին պաշտպանութեան ընթացքին։ 

Մատենաշարին մէկ այլ հատորը նուիրեցինք ՍԱԳՕ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆի յիշատակին։ Շատ բան գրուած է Սագոյին մասին։ Անկարելի է Սագոյին անունը տալ եւ չպատկերացնել իր կինը՝ Զուարթը հետը։ Սագոն կանուխ տարիքին որբացած էր։ Զուարթը Սագոյին կեանքը ամբողջացուցած էր։ Հիւրասէր, հաղորդական, իրենց տունը ժամադրավայր մըն էր։ Կը խորհինք, որ հեռաձայն ունէին։ Այդ օրերուն տան մէջ հեռաձայն ունենալը ընդհանրացած չէր։ Այսպէս պատահական իրենց տուն ուղղուիլ եւ դրան զանգակը զարնելով հիւրընկալուիլը արտասովոր բան մը չէր։ Սագոյին ճակատագրուեցաւ թաղուիլ Ամերիկա։

Մատենաշարին երրորդ հատորը նուիրեցինք ԲԵՆՕ ԹՈՆԴԵԱՆի յիշատակին։ Ուշիմ տղայ մըն էր։ Ճարտարագիտութիւն ուսանեցաւ Ամերիկեան համալսարանին մէջ։ Նմանապէս ակնյայտ էր առաջնորդի իր բնածին խառնուածքով եւ այդպէս ալ չբաւականանեցաւ իբրեւ ճարտարագէտ։ 

Մատենաշարին չորրորդ եւ վերջին հատորը նուիրեցինք ՊՕՂՈՍ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆին եւ ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆին։ Պօղոսը իր հանդարտ եւ մեղմ նկարագիրով հաճելի ընկեր մըն էր։ Բազմիցս մեզ հրաւիրած էր իրենց տունը, Այնճար։ Թերեւս ալ ըսենք իրենց տան պարտէզը։ Բոլորս գիտէինք, որ Պօղոսը գիւղատնտեսութեան մէջ մասնագիտանալու տրամադրութիւն ունի, երբ տակաւին Հայկազեան ուսանող էր։ Ուրիշ հետաքրքրութիւն մըն ալ ունէր՝ հաւաքել այդ շրջանին լոյս տեսած պահանջատիրութեան պատգամով զանազան եւ այլազան ազդերը (posters)։ Գիւղատնտեսութեան իր մասնագիտական ուսումը կը շարունակէր Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Այդ շրջանին Լիբանանէն հեռանալ կամ Լիբանան մնալը յաճախակի խօսակցութեան առարկայ էր։ Պօղոսին պարագային նման ընտրութիւն չկար՝ իրը Լիբանան էր եւ բնականաբար Այնճարը մեծ դեր ունէր եւ այդպէս ալ ըրաւ։ 

Վերջին զաւարեանականը, որուն անունը յիշած ենք մատենաշարին մէջ, Յակոբ Եափուճեանն է։ Եթէ ողջ ըլլար, անկասկած որ պիտի ուրախանար լսելով Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան «Զաւարեան մատենաշար»¬ին ծրագիրը։ Իր մահէն քանի մը տարի առաջ կապի մէջ էինք իրեն հետ։ Զաւարեանականներուն համար նուիրուած հատոր մը պատրաստելու համար։ Ինքն ալ իր կարգին կապ պահած էր Կարօ Յովհաննէսեանին հետ։ Բայց չեղաւ, չդասաւորուեցաւ։ Միշտ կոկիկ հագուած, բծախնդիր, ընկեր մըն էր Յակոբը։

 Մատենաշարին մէջ նշուած անունները պարզապէս այդ պահուն մեր տրամադրութեան եւ յիշողութեան մէջ յայտնուած անուններն էին։ Այժմ, երբ ասոնք կը գրենք, մեր մտապատկերին կու գան նաեւ Զաւարեան ուսանողական միութեան ընկերներ, որոնք մեզմէ հեռացան վաղաժամ՝ Վաչէ Տարագճեան, Խոսրով Ասոյեան, Նիկոլ Շահկալեան (Պարսկաստանէն), Հրաչ Պետոյեան, Աբօ Սիւրթիւքեան (Երուսաղէմէն), Հրայր Նալպանտեան (Հալէպէն)։ 

Եթէ ժամանակաշրջանով մը սահմանենք, մեր ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան փորձառութիւնը եղաւ 1965-1975-ի տասնամեակին, քանի մը տարի աւելի կամ նուազ։ Կրնանք ըսել, որ յիսնամեակի սերունդ էր, որ ինքզինք դրսեւորեց այնպէս մը, որ չէր պատահած Ցեղասպանութենէն ետք. Հայ դատի պահանջատիրութիւնը եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը առանցքները դարձած էին մեր ընկերային եւ ընկերական կեանքին։ Կէս դար անցած է այդ տասնամեակէն։ Այժմ մենք մեր եօթներորդ տասնամեակին մէջ ենք եւ քիչ մըն ալ մօտ ութերորդի։ Անարդար պիտի չըլլայ, եթէ մեր փորձառութիւնն ալ նմանցնենք Ռուբէն փաշայի պատկերացումին։ Մենք մեր կարգին ալ շատ սերունդներ տեսանք, բայց այդ սերունդին համը տարբեր էր։ Մեր պարագային կրնանք ըսել, որ այդ սերունդին համը Լիբանանի համեղ պտուղներուն նման էր, քանի որ այն ինչ որ պատահեցաւ, անհաւանական էր որ Լիբանանէն դուրս կարելի պիտի ըլլար։

Շնորհակալութիւն Համազգայինի հրատարակչատան՝ «Զաւարեան մատենաշար»-ի ծրագիրի վերականգնման համար։ Առիթը տուիք մեզի վերյիշելու եւ վերապրելու անմոռանալի անցեալ մը։

Մասնաւորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք, որ մեր անուանական նիւթական աջակցութիւնը այսքան կը գնահատէք։ Զաւարեան ուսանողական միութեան 120-ամեակին առիթով նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք միութեան՝ համոզուած, որ իրերայաջորդ սերունդներու երթը աննահանջ պիտի շարունակուի, եւ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը միշտ ալ պիտի դառնայ ճառագայթող ներկայութիւն մեր ազգային կեանքին մէջ։

Ձեզի եւ մեզի կը մաղթենք առողջութիւն։ Համազգայինի 95-ամեակը արդէն իր լրումին հասած է։ Կը յուսամ, որ կը դիմաւորէք եւ կը դիմաւորենք Համազգայինի 100-ամեակը։ 

Լաւագոյն մաղթանքներով՝ «Զաւարեան մատենաշար»-ի չորս հատորներու մեկենասներ


Հանդէսը՝