Պատրաստեց՝ Էտուարտ Թաշճեան |
Եղեռնի 50-ամեակէն եւ այդ առթիւ տեղի ունեցած զանազան նախաձեռնութիւններէն ետք ազգային նոր բարոյական մը սկսաւ գործել մեր կեանքին, այնպէս ալ Պուրճ Համմուտի մէջ, որուն ազգագրական՝ զուտ հայեցի, նկարագաիրը արդէն բաւական խախտած էր մէկ կողմէ 1946−48-ին տեղի ունեցած հայրենադարձին,− որուն բերումով հազարաւոր բնակարաններ տէր փոխեցին, եւ նոր տէրերը հարաւէն քաղաք խուժող մեր արաբ հայրենակիցներն էին,− միւս կողմէ՝ նոյն տարիներուն տեղի ունեցած արաբո-իսրայէլեան պատերազմին պատճառով, որ հարիւր հազարներով գաղթականներ բերաւ Լիբանան ընդհանրապէս, եւ Պուրճ Համմուտ մասնաւորաբար. այս առթիւ Նապաա-ի ընդարձակ ճահճախուտը՝ Նոր Սիսի հարեւանութեամբ, չորցուեցաւ ու վերածուեցաւ շատ խիտ բնակուած արուարձանի մը, որ կը պատսպարէր պաղեստինցիներ ու նոյն հարաւէն գաղթածներ:
Ազգային այս նոր բարոյականի թիրախներէն մէկն ալ թրքերէնն էր, որ յամառ ու հետեւողական հալածանքի կ’ենթարկուէր. այս պայքարը ունէր իր յատուկ կարգախօսերը, որոնցմէ մէկն էր՝ «Թրքերէն խօսողին հայերէ՛ն պատասխանէ»:
Այս կարգախօսը կը կիրարկուէր յատկապէս բերանացի, բայց նաեւ գրաւոր. եւ ահա մէկ օրէն միւսը Պուրճ Համմուտի փողոցներուն մէջ երեւցան պատանիներ՝ զինուած ներկով լեցուն դոյլերով ու վրձիններով. անոնք ազատ, յատկապէս մաքուր պատերուն վրայ եւ առանց հարցուփորձի, ըսել կ’ուզեմ՝ տանտիրոջ արտօնութեան, կը գրէին յիշեալ կարգախօսը՝ յաճախ տեղիք տալով հայ թէ արաբ տանտէրերու կշտամբանքին:
Կամաց-կամաց այս արարքը ուրոյն ազնուացում կրեց, եւ սիրողական համբակ ձեռագիրը փոխարինուեցաւ խաւաքարտէ յատուկ փորագրուած կաղապարներով, որոնցմով կարելի էր գեղարուեստական ձեւաւորում տալ պատերու դրոշմին, իսկ այսպիսիները աւելի դիւրին հանդուրժուած էին տանտէրերու կողմէ, որոնց պատերը պիտի կրէին գունաւոր ազդարարութիւնը:
Ասոնց կողքին տակաւին շրջանառութեան մէջ կը դրուէին գրաւոր թռուցիկներ, որոնք չէին գոհանար մէկ նախադասութեամբ, այլ կը կրէին պատմական քանի մը հակիրճ իրողութիւններ ու մանաւանդ թիւեր՝ աւելի տպաւորելու համար ստացողները:
Ասոնք ցրուողները քիչ մը ամէն տեղ էին՝ սինեմաներու մուտքին, դասախօսութեան սրահներու առջեւ, հանրակառքերու կամ պարզապէս փողոցներու մէջ՝ հետիոտն ընթացող քաղաքացիներուն ընդառաջ, որոնք միշտ հայեր չէին. այս վերջինները երբեմն կ’առնէին-կը քալէին, ուրիշներ բնազդական շարժումով մը եւ անտարբեր մէկդի կը նետէին, կը պատահէին նաեւ այնպիսիները, որոնք աչք մը նետելէ ետք՝ մանրամասնութիւն հարցնէին անոր բովանդակութեան մասին:
Այս վերջիններուն նկատառումով՝ թռուցիկները սկսան երկլեզու լոյս տետնել, ինչ որ ազգային պատկանելիութեան ամէն մտմտուքէ բոլորովին ազատ կը ձգէր ցրուիչներուն ձեռքերը եւ աւելի մեծ տարածում կը ստանար պայքարը:
Եւ վերջապէս շրջանառութեան մէջ էր նաեւ... բանաւոր քարոզչութիւնը, որ անմեղ սաստի մը պէս անակնկալ կը հնչէր թրքերէն խօսողներու քովն ի վեր՝ զգաստութեան
հրաւիրելով զանոնք. քարոզիչ կ’ընտրուէին մատղաշ, անմեղունակ ու համակրելի տղաք ու աղջնակներ, որոնք երկսեռ զոյգերով կը շրջէին Պուրճ Համմուտի թաղերը ու այնքան խոր նուիրումով ի կատար կ’ածէին իրենց առաքելութիւնը:
Կարելի էր ենթադրել, թէ այս խայտաբղէտ արշաւը ժամանակաւոր բնոյթ կը կրէր, եւ քիչ մը ամէն ոք հակամէտ էր մտածելու, թէ մէկ օրէն միւսը վերջ պիտի գտնէր ան: Սակայն այդպէս չեղաւ. բաւական մեծ հետեւողականութեամբ առաջ տարուեցաւ ան՝ բնոյթ եւս փոխելով. ան հասաւ Պուրճ Համմուտի վաճառականներուն եւս, այն խանութներուն, որոնք թրքական ապրանք կը ներածէին: Խանութպաններէն անցաւ... այդ ապրանքը գնող յաճախորդներուն:
Պուրճ Համմուտը կը հայանար...
Ի զուր չէ, որ Նշան Պեշիկթաշլեան զայն տեսնելէ ետք սքանչացած ըսած էր քանի մը տարի առաջ. «Եթէ սփիւռքի միջնաբերդը Պեյրութն է, ապա Պուրճ Համմուտը միջնաբերդին միջնաբերդն է»:
Միւս կողմէ, սակայն...
Այդ օրերուն շատ սովորական էր լսել հայ գնորդին ազգային խիղճը շարժելու միտող սա՛պիսի խօսքեր, դուք ըսէք՝ քողածածուկ նախատինքներ.
−Այդ գնումովդ թրքական բանակին այսքան փամփուշտ, այսքան զէնք, այսքան թնթանօթ կը նուիրես....
Դիւրին չէր այս բոլորը հասկցնել, ճիշդ է, սակայն դիւրին չէր... հասկնալ եւս:
* *
*
Թուրքը դարերով նստած էր մեր մէջ, եթէ ոչ միշտ գիտակիցին, ապա գոնէ ենթագիտակիցին մէջ, եւ Եղեռնի գաղափարը միշտ չէ որ կը յաջողէր արեւմտահայուն էութենէն ջնջել այդ դարաւոր ու ժառանգական դիրտը: Այս գրոհին դիմաց միջին արեւմտահայը հակամէտ էր պատմական մեծ արկած մը նկատելու Եղեռնի գործած ազգային նախճիրը, որ ան կը վերագրէր քանի մը անուններու՝ Թալաթի մը, Էնվերի մը, Ճեմալի մը եւ քանի մը ուրիշներու. անոր գիտակցութեան պաստառին վրայ այլ ճրագործներ ու դահիճներ տեղ չէին գտներ: Այդ պատճառով ալ տրամադիր չէր,− տրամաբանական ալ չէր գտներ,− դիւրին-դիւրին հրաժարիլ՝ սկսած թրքական ճաշատեսակներէն, երգերէն, ֆիլմերէն մինչեւ թրքական աժան ապրանքներն ու մանաւանդ բուն թիրախը ՝ թրքերէն լեզուն[1]:
Ամէն մէկը ունէր իր ինքնապաշտպանական պատրաստ հակադարձը.
−Շիշ մը պիպերը ի՞նչ է, որ հարստացնէ թրքական բանակը...
−Դոլմա-սարմա չըսեմ, հապա ի՞նչ ըսեմ...
−Թրքականը չդիտեմ, հապա ի՞նչ ֆիլմ դիտեմ: Հայկականը ունի՞ք...
−Լեզուն ի՞նչ յանցանք ունի...
−Աս տարիքէս ետք ինչպէ՞ս նոր լեզու սորվիմ...
Եւ այսպէս շարունակ...
* *
*
Այսպէս թէ այնպէս, ժամանակը իր բարերար ազդեցութիւնը գործեց, եւ իրօք ալ դէպի դարավերջը կարելի էր նկատել թրքախօսութեան զգալի նահանջը:
Առաջին հերթին՝ նոր հասնող սերունդները այլեւս գրեթէ թրքերէն չէին խօսեր, փողոցները հազուագիւտ կը հանդիպէին թրքախօսներ, թրքերէնը գրեթէ ընդմիշտ անհետացաւ խրախճանքներէն, թրքերէն սկաւառակներն ու ձայնախցիկները իրենց կարգին ա՛լ տեղ չունէին վաճառատուներու մէջ:
Այս յաջողութիւնը իրագործուեցաւ հետեւողական օրինակելի պայքարով մը, որուն շատ մեծ օժանդակութիւն բերաւ... թրքախօս սերունդին շիջումն ու անյայտացումը իր կարգին Պուրճ Համմուտի առօրեայէն:
Եւ ինչպէս ֆրանսացիք կ’ըսեն՝
Մարտը վերջ գտաւ առ ի չգոյէ մարտիկի:
--Et le combat finit, faute de combattants !!!
Այս էջը փակելէ առաջ հարկ կը տեսնեմ աւելցնել, որ թրքերէնի նահանջը որեւէ ձեւով չօգնեց հայերէնի վերորակաւորման,− ինչպէս արդարօրէն կամ թերեւս միամտօրէն կ’ակնկալուէր,− եւ այդ նոյն տարիներուն նկատուած հայերէնի նահանջը շարունակուեցաւ. սակայն կը թուի, թէ այս երեւոյթին պէտք է անդրադառնալ ուրիշ շրջագիծէ ներս:
Արմենակ Եղիայեան
* *
*
Յաւելուած
Այս յօդուածս աւարտեր էի, երբ մէկ օր ետք զարմանալի զուգադիպութեամբ մը կարդացի Ժիրայր Չոլաքեանի՝ «Նոր Յառաջ»-ի խմբագրապետին մէկ հարցազրոյցը մեր սիրելի բարեկամին՝ Բագրատ Էստուգեանի՝ «Ակօս»-ի խմբագրապետին հետ ունեցած հարցազրոյցը, որմէ կը մէջբերեմ հետեւեալ հատուածը կարգ մը ընդգծումներով.
[1] «Ես յաճախ կը պնդեմ, որ հայ ժողովուրդի մայրենի լեզուներէն մէկն ալ թրքերէնն է» (Բագրատ Էստուգեան, տեսնել ստորեւ «Յաւելուած»-ը):