V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Sunday, August 22, 2021

ՈՐԵՒԷ ԱՅԼ ԱՌԱՋԱՐԿ ՈՒՆԻ՞Ք

Վահէ Յ. Աբէլեան

Գրիգոր Քրաճեան հետեւալը տեղադրած էր իր ընկերներուն ուղղուած այսօրուայ էմէյլին (email) մէջ՝

«Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի օրերուն, սովետական հանրապետութիւններու ժողովուրդներուն կարգախօսը «Յաղթելու ենք»-ն էր։

Այդ խօսքերով ոգեւորուած պզտլիկ Հայաստանն ալ տուաւ իր «արիւնի ծանր բաժինը». երեք հարիւր հազար հայեր զոհուեցան։

Յաղթելու ենք ֆաշիտին՝ թշնամիին։

Եւ, Հայաստանն ու հայութիւնը անցուց այդ ծանր ու դժուարին օրերը։ Չկար ընտանիք մը, որ հարազատի մը կորուստին գոյժը հաղորդող «սեւ թուղթ»ը  ստացած չըլլար։

Հայաստան յաղթական դուրս եկաւ պատերազմէն եւ կանխուեցաւ թրքական բանակին ներխուժումը եւ հայութեան վերջնական հաշուեյարդարը։

Արցախեան վերջին պատերազմին, հայ զինուորը կանխեց Հայաստանի ժողովուրդի բնաջնջումը կրկնելով միեւնոյն կարգախօսը՝

«Յաղթելու ենք»։

Եւ անկասկած որ 44 օր դիմադրելով թշնամի (եւ «բարեկամ») հզօր ուժերուն, Հայաստանն ու հայութիւնը յաղթած են։

Մնացեալ բոլոր խօսքերը, խորհրդարանէն ներս՝  թէ, դուրս զրպարտութիւնները, դատապարտումը, ստեղծուած արուեստական խուճապը ... «խուլիկանութեան» համազօր արարքներ են։

Վերջակէտ»

Իսկ ԵՍ, իմ կարգիս, տակաւին չեմ կրցած արդարացնել՝ յետ պատերազմին՝ պատերազմին ընթացքին«Յաղթելու Ենք» մարտակոչին դէմ դէմ համատարած անարգանքը եւ քմծիծաղը։  

Իմ հասկացողութեամբ «Յաղթելու Ենթ» չի նշանակէր պիտի յաղթենք եւ ոչ ալ յաղթութեան հաւաստիք մըն է։ Լեզուականօրէն «Յաղթելու ենք»ը, չեմ ուզէր ըսել բաղձանքը մըն է, հապա  յաղթելու տրամադրութիւն է մըն է։ Կը հրաւիրեմ ընթերցողները որպէսզի տան  այդ մարտակոչին իրենց լեզուական հասկացողութեան մեկնաբանութիւնը։  

Կայ նաեւ հետեւալը՝ հապա ի՞նչ պէտք էր որ ըլլար Հայաստանի մարտականչութիւնը թշնամիին ձեռնարկած կայծանկնային յարձակումին դէմ ։ Որեւէ մէ՞կը որեւէ՞ այլ առաջարկ ունի՞, դեկուզ հիմայ պատերազմին շուրջ տասնըւմէկ ամիսներ ետք։ վսահաբար որւեւէ մէկը պիտի չ՚առջարկէր «պարտուելու ենք»ը։

Այո, ի՞նչ կ՚առաջկէք որ ըլլար թշնամիին դէմ Հայասանի մարտականչութիւնը։

Որեւէ այլ առարջ ունի՞ք։

 

 

 

No comments:

Post a Comment