V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Friday, January 26, 2024

Արմենակ Եղիայեան ` Ճանչնանք մեր բառերը (11) - լծորդ

 

Ճանչնանք մեր բառերը (11)

         1. Հետաքրքիր ընթերցող մը,-- մեկնելով իմ նախորդ յօդուածէս, ուր ըսած էի,  որ հնդեւրոպական nomnսկզբնաձեւը հայերէն դաrձած է անուն,-- հարց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է նման մեծ փոխակերպում մը եւ անցնիլ մէկէն միւսին: 

         Սկսելու համար ըսեմ, որ  անուն-ը գումարն է երկու փոփոխութեանց.

         ա) Առաջինն է բառիս սկիզբը աւելցած  ա ձայնաւորը, որ աճական մըն է, այսինքն ՝ անիմաստ ձայնաւոր մը, որ հայերէնի  մէջ եկած  թառած է անոր առջեւը, ինչպէս պատահած է շատ ուրիշ բառերու: Հնդեւրոպական միւս լեզուներէն աճականով օժտուած է յունարէնը եւս, որ կ’ըսէ (օ)noma:  

         բ)  Երկրորդը՝  մ>ւ փոփոխութիւնն է՝  (ա)նոմն>(ա)նուն:

         Շատ արտասովոր ու բարդ հնչիւնափոխութիւն մըն է  այս, որու  առթիւ կը գոհանամ տալով այլ օրինակներ՝ հաստատելու համար անոր  հաւաստիութիւնը: 

         Ծանօթ.– Զիրար փոխարինելու յատկութիւն ունեցող հնչիւնները կամ տառերը կը կոչուին լծորդ: Ուրեմն մ  եւ ւ  հայերէնի մէջ լծորդ եղած են: 

         Մեր մրջիւն բառը ունի հին տարբերակ մը, որ է մրջիմն (մ>ւ). անոնք երկուքով կը գտնուին   «Նոր հայկազեան»-ի մէջ, հանդերձ այլ զուգադիր կազմութիւններով.

                           մրջիմնոց-մրջիւնոց

                           մրջիմնառիւծ-մրջիւնառիւծ

                           մրջիմնակեր-մրջիւնակեր

որոնց բոլորը վկայուած են  Ե. դարէն եւ որոնց  մէջ ունինք մ>ւ  լծորդութիւնը:

          Պարսկական պաշտաւն բառը,– որ հետագային դարձած է պաշտօն (աւ>o),–պէտք է ունեցած ըլլայ պաշտամն տարբերակ մը (ուրեմն՝ մ>ւ), քանի աւանդուած են պաշտաման եզակի  սեռականը, պաշտամունք յոգնակին,– որ կը գտնուի աշխարհաբարի մէջ եւս,– պաշտամանց յոգնակի սեռականը (տե՛ս «Նոր հայկազեան»):

         Կը կարծեմ, թէ այս  օրինակները, որոնք պատահականութեան արդիւնք  չեն,  գումարած  nomn > (ա)նուն  զոյգին վրայ, բաւարար են փարատելու ամէն կասկած, որ կը վերաբերի մ>ւ  լծորդութեան վաւերականութեան:

         Մեզի ծանօթ հնդեւրոպական այլ լեզուներ անվթար պահած են  հնչիւնը. յունարէն՝ օnoma, լատիներէն՝      nomen       , գերմաներէն ու անգլերէն՝ name, իտալերէն՝ nome, շուետերէն՝ namn,    ֆրանսերէն՝ nom:

         Ասոնց մէջ յատուկ ուշադրութեան արժանի է անգլերէնը, որ ունի noun տարբերակ մը, որ բոլորովին համահունչ  է հայերէնին՝ (ա)նուն – noun:

         3. Մ  եւ ն  լծորդութիւն

         Ասոնք  ռնգային հնչիւններն են, այսինքն՝ ասոնց արտասանութեան առթիւ օդը ոչ թէ բերնէն, այլ ռունգերէն դուրս կու գայ: Ուրեմն ունին բնական լծակցութիւն մը:

         Աստուածաշունչի  գրաբար տարբերակին մէջ  ունինք՝

                           անբիծ՝  9  անգամ

                           ամբիծ՝  21 անգամ

         Այս նոյն երկւութիւնը որոշ չափով կը յամենայ մինչեւ մեր օրերը. թէեւ գրեթէ հանրօրէն ընդունուած է անբիծ ուղղագրութինը, սակայն ամբիծ գրողներն ալ ընդմիշտ  չեն պակսիր.  այս պահուս կը յիշեմ մասնաւորաբար  «Հասկ»-ը:

         Ինչո՞ւ այս տատանումը, ըսենք՝ այս երկւութիւնը:

         Եթէ փորձէք ասոնք ինքներդ արտասանել ու եթէ կարենաք վերլուծել ձեր սեփական արտասանութիւնը, պիտի նկատէք, որ  շատ աւելի հեշտ է արտասանել ամբիծ, քան թէ անբիծ:  Ամբիծ-ը գրեթէ մէկ շունչով  կ’արտասանուի, մինչ անբիծ արտասանելու համար պարտաւոր էք ան-էն ետք առնել շատ փոքրիկ՝ ակնթարթային դադար մը, ինչպէս նաեւ ան-ին ետեւը աւելցնել շատ խուսափուկ, կոտորակային «ը» մը, ապա շարունակել արտասանութիւնը ու աւարտին հասցնել զայն՝ ան-բիծ:

         Պարագան նոյնն  է  երեք երկշրթնային պայթականներուն՝ բ, պ, փ, որոնցմէ առաջ միշտ պիտի կրէք  «ն» արտասանելու դժուարութիւնը, եւ արդէն չէք արտասաներ, այլ կը շրջանցէք  զայն ու մեքենաբար կ’արտասանէք «մ» : 

         Այսպէս՝ դուք կը կարծէք, թէ կ’արտասանէք կամ կը մտադրէք արտասանել՝ անբան, անպարփակ, անփառունակ, մինչդեռ անզգալաբար կ’արտասանէք՝ ամբան, ամպարփակ, ամփառունակ:  

         Այս դժուարութիւնը յատուկ է շատ ուրիշ ժողովուրդներու եւս:

         Հայուն արտասանական դժուարութիւնը   յիշեալ պայթականներէն  առաջ է միայն, եւ  ն-ին կրած փոփոխութիւնը սահմանափակ է. ան միայն  «մ» կրնայ դառնալ:

         Եւրոպական լեզուներու մէջ այս դժուարութիւնը շատ աւելի տարածուն է, օրինակներս կ’առնեմ ֆրանսերէնէն:

         Ֆրանսացին, արտասանելու համար իր  in նախածանցը,– որ համարժէք է մեր  ան-ին,– չորս տարբեր փոփոխութիւններու կ’ենթարկէ զայն.  օրինակ՝

                  ա) dolent    in-dolent

                  բ)   possible         im-possible

                  գ  régulier ir-régulier

                  դ )  légal     il-légal

         Ուրեմն վերադառնալով Աստուածաշունչի ամբիծ եւ անբիծ օրինակներուն պիտի ըսենք հետեւեալը. առաջինը հիմնուած է արտասանութեան վրայ. զայն գրողները արձանագրած են բառը այնպէս, ինչպէս արտասանած են: Մինչ երկրորդը գրողները հիմնուած են անոր ստուգաբանութեան վրայ, այսինքն՝ նկատի ունեցած են, որ ան բիծ բառն է, որ օժտուած է ան ժխտական նախածանցով, եւ այս վերջին սկզբունքին է որ կը հետեւի հայերէնը,  ինչպէս՝ ան-բան, ան-բաւ, ան-բնակ,  ան-պատեհ, ան-պարտ, ան-պէտ, ան-փառունակ, ան-փորձ, ան-փոփոխ եւ այլն: 

         Սակայն ուրիշ է կացութիւնը այն փոխառութիւններուն, որոնց  ստուգաբանութիւնը ծանօթ չէ եղած միջին հայուն. այսպէս՝ ամբար, ամբարիշտ, ամբոխ, ամպ եւ  այլն, որոնք բոլորը  ան-ով կը սկսին պարսկերէնի մէջ:

         Պարագան նոյնն է նաեւ ութիւն-ով վերջացող բառերու գործիականին. օրինակ՝ պատմութեան սեռականը պէտք է տար պատմութեան+բ, սակայն մերոնք գրած են պատմութեամբ (ն>մ), այսինքն՝ այնպէս, ինչպէս արտասանած են:

armenag@gmail.com                                                  Արմենակ Եղիայեան

           

 

 

2024, Year of Human Resources Preparation: A letter

 Catholicos Aram has designated 2024 as the “year of human resources preparation”. Before the Armenian Diaspora youth wanting to intern in Washington, D.C., or in Armenia, it is imperative they first intern locally and in other Armenian Diaspora communities. Attached is my letter I wrote to ANCA in that regard.


Tuesday, January 16, 2024

 

Aram Souren Hamparian

Executive Director 

Armenian National Committee of America,

1711 N Street NW

Washington, DC 20036

 

Re: 2024, “year of human resources preparation

 

 

Sireli Aram Hamparian

 

In his most recent pontifical message, Catholicos Aram I designated 2024 as the “year of human resources preparation” and addressed his pontifical message “to the prelate, the clergy, the community authorities of the Catholicosate of the Great House of Cilicia, and to the daughters and sons of our people.”

 

 It is natural to expect that ANCA will play a definite and a constructive role to that affect

 

I am particularly drawn to the Hovig Apo Saghdejian Capital Gateway Program since the year it was launched. The Saghedjian family is a prominent Kessabtsi dynastic family. The Kessabtsis have endearingly named the family’s prominent son Ovsia, “Daye”, a Turkish word the Kessabtsis have adopted in their dialect for a caring uncle. I have read about the good work the program does, but I also associate to its founding and relate to the program more than the good work outlined. Apo Saghdejian and I were contemporary students during our days in Beirut.

 

Driven by the Catholicos’ massage I have the following suggestion for your consideration. In order for an Armenian young man or woman to qualify for Hovig Apo Saghdejian Capital Gateway Program, that young man or the young woman, should have interned at least a year in his or her local Armenian organization be it the Board of Trustees of a local Armenian church, or central committees of Hamazkayin or HMEM, or the Armenian Relief Society; or for that matter with a local Armenian church’s Men’s Club or the Ladies Guild who do so much to balance a church budget year after year. Thus, the candidate for the program would have a record of having made an effort to improve the local Armenian community and would have understood the community’s needs better. The idea is to have the young man or woman, first be involved and interned locally and made an effort to contribute for the well-being of the local Armenian community to have the privilege of interning in Washington, DC, to bring greater good for the Armenian community whose needs the young man or the young woman would have thus experienced and understood better, than otherwise. 

 

I have already briefly talked to Apo Saghdjian about my concerns. He rightfully suggested that I address my concern and suggestion to you for your consideration.

 

I wish you and ANCA well and look forward to have the year 2024 a year of reflection of our state in the Diaspora.

 

Thank you. 

Serov


Vahe H. Apelian

********************

Boylston, MA 01505

 

cc:     Apraham Saghdejian

         ************************ 

         Fresno, CA 93711

 Note


Human Resources preparation: what will be its measure?

http://vhapelian.blogspot.com/2024/01/blog-post_65.html

Wednesday, January 24, 2024

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն ՝ «Զաւարեան Մատենաշար»

Քիչ առաջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ծրագրած՝ «Զաւարեան» մատենաշարի վեց հատորներու վերահրատարակութեան հանդէսը։ Ներբակը համառօտ ներկայացուեցաւ որպէս «Զաւարեան»-ի խօսքը։

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ծրագրած՝ «Զաւարեան» մատենաշարի վեց հատորներու վերահրատարակութեան լուրը մեզի՝ Սարգիս Քարկոտորեանին, Ատրուշան Արմէնեանին եւ Վահէ Յ. Աբէլեանին հաղորդեց Օհան Արմէնեանը։ Իրեն կը պարտինք մեր անուանական նիւթական աջակցութիւնը այս ծրագիրի իրագործման համար։ 

Մենք իբրեւ Զաւարեան ուսանողական միութեան նախկին անդամներ ընդհանրապէս հաղորդ մնացած ենք իրարու հետ։ Մեր բարեկամութիւնը սկսած էր Զաւարեան աշակերտական միութեան անդամակցութեամբ, երբ դասընկերներ էինք նաեւ Վիգէն Յովսէփեանին հետ։ Վերջինս այժմ Քանատա կը գտնուի։ Ոչ միայն առօրեայ բարեկամութիւն մըն էր՝ մեր վաղ երիտասարդութեան այդ օրերու մեր բարեկամութիւնը, այլեւ նպատակադրուած էր։ Միասնաբար եւ առաջին անգամ ըլլալով խախտեցինք Զաւարեան աշակերտական միութեան ընդունուած սովորութիւնը, որ Զաւարեան աշակերտական միութեան վարչութիւնը միշտ Ճեմարանականներէ բաղկացած կ՛ըլլայ, եւ ընտրուեցանք վարչական - Հայ Աւետարանական Գոլէճի աշակերտներ։

 Աշակերտութենէն անցանք ուսանողական եւ ապա անցանք շարքերը մեզի նմանապէս դասընկեր, Իտալիոյ մէջ վաղամեռիկ Մելքոն Սուքիասեանի հետ։ 

Այսպէս, Համազգայինի հրատարակչատան «Զաւարեան մատենաշար»-ի վերահրատարակութեան ծրագիրը այդ օրերը վերյիշելու առիթ տուաւ մեզի, եւ մատենաշարին չորս իւրաքանչիւր հատորը յիշատակեցինք Զաւարեան ուսանողական միութեան մեր երբեմնի ընկերներէն մէկուն կամ երկուքին անունով։ Ընտրութիւն չէր, որ կատարեցինք, այսինքն՝ նախընտրելով մէկուն անունը յիշատակել, բայց ոչ միւսինը։ Այլ պարզապէս այդ պահուն մեր յիշողութեան մէջ այդ անուններն էին, որոնք տողանցեցին։ 

Այսպէս, հատորներէն մին նուիրեցինք ՍԵՐԺ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆի եւ ՍԱՐԳԻՍ ՖՈՒՃՈՒՐԵԱՆի յիշատակին։ Պարսկաստանէն ժամանելէն ետք, Սերժ Թովմասեանը շատ շուտ ընտելացաւ լիբանանահայ զաւարեանական տղոց հետ եւ մտերմացաւ։ Տարի մը միասնաբար մաս կազմեցինք Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութեան։ Զաւարեանէն անկախ արդէն դարձանք բարեկամներ, ինչպէս կ՛ըլլան բարեկամութիւնները։ 1976-ի մարտ ամսուն, Սերժին եղերական մահը պատահեցաւ «Աղբալեան» ակումբին մէջ։ 

Այսօրուան պէս կը յիշենք Սարգիս Ֆուճուրեանին։ Հին ժողովրդային տան մէջ էր, այսօրուան պատկերացումով՝ Արեւմտեան Պէյրութի մէջ։ Հայկազեանէն շրջանաւարտութեան շրջանը ըլլալու էր։ Ան յայտնեց, որ ծրագրած Է Ամերիկա բժշկութիւն ուսանիլ եւ արդէն սկսած է դիմել։ Նահատակուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, հայկական շրջանին պաշտպանութեան ընթացքին։ 

Մատենաշարին մէկ այլ հատորը նուիրեցինք ՍԱԳՕ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆի յիշատակին։ Շատ բան գրուած է Սագոյին մասին։ Անկարելի է Սագոյին անունը տալ եւ չպատկերացնել իր կինը՝ Զուարթը հետը։ Սագոն կանուխ տարիքին որբացած էր։ Զուարթը Սագոյին կեանքը ամբողջացուցած էր։ Հիւրասէր, հաղորդական, իրենց տունը ժամադրավայր մըն էր։ Կը խորհինք, որ հեռաձայն ունէին։ Այդ օրերուն տան մէջ հեռաձայն ունենալը ընդհանրացած չէր։ Այսպէս պատահական իրենց տուն ուղղուիլ եւ դրան զանգակը զարնելով հիւրընկալուիլը արտասովոր բան մը չէր։ Սագոյին ճակատագրուեցաւ թաղուիլ Ամերիկա։

Մատենաշարին երրորդ հատորը նուիրեցինք ԲԵՆՕ ԹՈՆԴԵԱՆի յիշատակին։ Ուշիմ տղայ մըն էր։ Ճարտարագիտութիւն ուսանեցաւ Ամերիկեան համալսարանին մէջ։ Նմանապէս ակնյայտ էր առաջնորդի իր բնածին խառնուածքով եւ այդպէս ալ չբաւականանեցաւ իբրեւ ճարտարագէտ։ 

Մատենաշարին չորրորդ եւ վերջին հատորը նուիրեցինք ՊՕՂՈՍ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆին եւ ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆին։ Պօղոսը իր հանդարտ եւ մեղմ նկարագիրով հաճելի ընկեր մըն էր։ Բազմիցս մեզ հրաւիրած էր իրենց տունը, Այնճար։ Թերեւս ալ ըսենք իրենց տան պարտէզը։ Բոլորս գիտէինք, որ Պօղոսը գիւղատնտեսութեան մէջ մասնագիտանալու տրամադրութիւն ունի, երբ տակաւին Հայկազեան ուսանող էր։ Ուրիշ հետաքրքրութիւն մըն ալ ունէր՝ հաւաքել այդ շրջանին լոյս տեսած պահանջատիրութեան պատգամով զանազան եւ այլազան ազդերը (posters)։ Գիւղատնտեսութեան իր մասնագիտական ուսումը կը շարունակէր Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Այդ շրջանին Լիբանանէն հեռանալ կամ Լիբանան մնալը յաճախակի խօսակցութեան առարկայ էր։ Պօղոսին պարագային նման ընտրութիւն չկար՝ իրը Լիբանան էր եւ բնականաբար Այնճարը մեծ դեր ունէր եւ այդպէս ալ ըրաւ։ 

Վերջին զաւարեանականը, որուն անունը յիշած ենք մատենաշարին մէջ, Յակոբ Եափուճեանն է։ Եթէ ողջ ըլլար, անկասկած որ պիտի ուրախանար լսելով Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան «Զաւարեան մատենաշար»¬ին ծրագիրը։ Իր մահէն քանի մը տարի առաջ կապի մէջ էինք իրեն հետ։ Զաւարեանականներուն համար նուիրուած հատոր մը պատրաստելու համար։ Ինքն ալ իր կարգին կապ պահած էր Կարօ Յովհաննէսեանին հետ։ Բայց չեղաւ, չդասաւորուեցաւ։ Միշտ կոկիկ հագուած, բծախնդիր, ընկեր մըն էր Յակոբը։

 Մատենաշարին մէջ նշուած անունները պարզապէս այդ պահուն մեր տրամադրութեան եւ յիշողութեան մէջ յայտնուած անուններն էին։ Այժմ, երբ ասոնք կը գրենք, մեր մտապատկերին կու գան նաեւ Զաւարեան ուսանողական միութեան ընկերներ, որոնք մեզմէ հեռացան վաղաժամ՝ Վաչէ Տարագճեան, Խոսրով Ասոյեան, Նիկոլ Շահկալեան (Պարսկաստանէն), Հրաչ Պետոյեան, Աբօ Սիւրթիւքեան (Երուսաղէմէն), Հրայր Նալպանտեան (Հալէպէն)։ 

Եթէ ժամանակաշրջանով մը սահմանենք, մեր ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան փորձառութիւնը եղաւ 1965-1975-ի տասնամեակին, քանի մը տարի աւելի կամ նուազ։ Կրնանք ըսել, որ յիսնամեակի սերունդ էր, որ ինքզինք դրսեւորեց այնպէս մը, որ չէր պատահած Ցեղասպանութենէն ետք. Հայ դատի պահանջատիրութիւնը եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը առանցքները դարձած էին մեր ընկերային եւ ընկերական կեանքին։ Կէս դար անցած է այդ տասնամեակէն։ Այժմ մենք մեր եօթներորդ տասնամեակին մէջ ենք եւ քիչ մըն ալ մօտ ութերորդի։ Անարդար պիտի չըլլայ, եթէ մեր փորձառութիւնն ալ նմանցնենք Ռուբէն փաշայի պատկերացումին։ Մենք մեր կարգին ալ շատ սերունդներ տեսանք, բայց այդ սերունդին համը տարբեր էր։ Մեր պարագային կրնանք ըսել, որ այդ սերունդին համը Լիբանանի համեղ պտուղներուն նման էր, քանի որ այն ինչ որ պատահեցաւ, անհաւանական էր որ Լիբանանէն դուրս կարելի պիտի ըլլար։

Շնորհակալութիւն Համազգայինի հրատարակչատան՝ «Զաւարեան մատենաշար»-ի ծրագիրի վերականգնման համար։ Առիթը տուիք մեզի վերյիշելու եւ վերապրելու անմոռանալի անցեալ մը։

Մասնաւորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք, որ մեր անուանական նիւթական աջակցութիւնը այսքան կը գնահատէք։ Զաւարեան ուսանողական միութեան 120-ամեակին առիթով նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք միութեան՝ համոզուած, որ իրերայաջորդ սերունդներու երթը աննահանջ պիտի շարունակուի, եւ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը միշտ ալ պիտի դառնայ ճառագայթող ներկայութիւն մեր ազգային կեանքին մէջ։

Ձեզի եւ մեզի կը մաղթենք առողջութիւն։ Համազգայինի 95-ամեակը արդէն իր լրումին հասած է։ Կը յուսամ, որ կը դիմաւորէք եւ կը դիմաւորենք Համազգայինի 100-ամեակը։ 

Լաւագոյն մաղթանքներով՝ «Զաւարեան մատենաշար»-ի չորս հատորներու մեկենասներ


Հանդէսը՝










 

Արմենակ Եղիայեան ՝ Այսպէս ալ կարելի էր գրել (5, 6) - ըլլա՞յ, թէ՞ոչ

 


Կարելի էր այսպէս ալ գրել (5)

«Ասպարէզ»-ը տարին այնքան լաւատես չի սկսիր:

Ո՛չ լեզուական, ո՛չ... ազգային մակարդակներու վրայ:

Սկսինք լեզուականէն՝ աչքի առաջ ունենալով «Արմէն Գրիգորեանի յայտարարարութիւնը» (9/1/2024),  ազգայինին կ’անդրադառնանք աւելի անդին:

*   *   *

***Հարցեր կան, որոնք բանաւոր բանակցութիւններու ընթացքին համաձայնութեան էինք եկած:

--Ըսել կ’ուզուի՝ «որոնց շուրջ...»:

***Յստակ չդարձաւ, որ արդեօք  համաձայնագիրին մէջ տարածքային ամբողջականութեան կէտ պիտի ըլլա՞յ, թէ` ոչ:

--Երբ ստորադաս նախադասութիւնը հարցում կը բովանդակէ, ան կը սկսկի թէ շաղկապով եւ ոչ՝ որշաղկապով:  

Միւս կողմէ՝ հարցումը ինքնին սխալ բանաձեւոած է. պէտք է ըլլայ՝ «պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ ոչ»:  Ուրեմն՝

«Յստակ չդարձաւ, թէ արդեօք  համաձայնագիրին մէջ տարածքային ամբողջականութեան կէտ պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ոչ:

 

*** Հայաստանցի պաշտօնեաները նախորդ տարուան ընթացքին կարեւոր նկատեցին այն, որ համաձայնագիրը Ատրպէյճանի հետ կնքուի:

--Այն ցուցականը աւելորդ է. հայերէնը նման  անմիտ զարդի պէտք չունի:

 

***Մեր խնդիրն է, որպէսզի կարողանանք ...  արձանագրենք այն բոլոր սկզբունքները...

--Խմբագրութիւնը հայացուցած է քանի մը օտար բառեր, որոնք կը «զարդարէին այս նախադասութիւնը», սակայն անդին կը մնայ լեզուական ամբողջ աղբ մը, որ մնացած է անձեռնմխելի ու նոյնութեամբ հրամցուած է  ընթերցողին:

Ասոնց առաջինը որպէսզի շաղկապն է, որ արդի արեեւելահայերէնին քաղցկեղն է. զազրելի ռուսաբանութիւն մը, ուր  «որ» շաղկապին փոխարէն կը գործածուի «որպէսզի» շաղկապը: Արեւելահայութիւնը  հաշատարած վարակուած է այս ախտէն՝ վարչապետով ու դռնապանով, իշխանականով ու ընդդիմադիրով, ակադեմականով ու դռնապանով՝ բոլբորով, ոչ մէկուն խնայած է ան, ամբողջ արեւելահայութիւնը համակարծիք, համաձայն, համախոհ է լեզուական այս քստմնելի արատին  առթիւ:

Երկրորդը՝ արձանագրենք դիմաւոր բայի կիրարկութիւնն է՝ արձանագրել դերբայի փոխարէն. սա իր կարգին  կը հիւծէ հայերէնը ու կը վերածէ զայն գռեհիկ ռամկաբանութեան մը:

Ուրեմն՝ 

«Մեր խնդիրն է, որ կարողանանք... արձանագրել այն բոլոր սկզբունքները...

 

***5 օրեր առաջ, վերջին առաջարկներուն ծանօթացաւ:

--Պէտք է օր. սխալ է օրեր-ը: Աւելորդ է ստորակէտն ալ:

 

***Փաստաթղթի մասին որեւէ մանրամասներ չեմ կարող ներկայացնել:

--Որեւէ դերանունը եզակի է իր  «է» էական բայով՝ որ եւ է .ուրեմն չեմ կրնար եզակի լրացեալ կ’ուզէ, չի կրնար յոգնակի գոյականի վրայ դրուիլ. Որեւէ մանրամասնութիւն եւ ոչ թէ որեւէ մանրամասնութիւններ:

Ասկէ բացի՝ երբ որեւէ մանրամասնութիւն չի տրուիր, ինքնաբերաբար մանրամասնութիւններ ալ տրուած չեն ըլլար, այլ խօսքով յոգնակիի կիրարկութիւնը անհեթթեթ, անտրա-մաբանական  արարք մըն է:

 

*** Առաջարկները ոչ թէ խաղաղութիւն փափաքող պետութեան մը, այլ Հայաստանի համար նոր սպառնալիքներ ստեղծող առաջարկներ են:

         Այսինքն՝ «Առաջարկները...առաջարկներ են»: Հապա՞՞՞:

 

***Պաշտօնական յայտարարութենէն շուրջ 10 օրեր ետք...

--Պէտք է ըլլայ՝  10 օր ետք...

 

***Երեւան դարձեալ վերահաստատեց ... իր պատրաստակամութիւնը:

---Դարձեալ-ը աւելորդ է...  հարիւրամեայ լրագիրի մը մակարդակին:

 

Գէորգ Քէօշկերեանի յօդուածէն՝

***Յո՞ երթաս Մեծն Լոս Անճելըսահայ գաղութ:

--Մեծն Լոս Անճելըսահայ գաղութ-ը միայն երթալիք տեղը չէ որ կ’անգիտանայ. ան  լուր ալ չունի, որ ինք կոչական է եւ պէտք է   «Յո՞ երթաս»-էն տրոհուի ստորակէտով մը: 

 

***Բամբասա՞նք՝ թէ բանն ասանկ...

--Բամբասա՞նք, թէ՞ բանն ասանկ...

 

***«Այս յօդուածիս միտք բանին քննադատութիւն չէ բնաւ, այլ  ներկայացնել իրականութեան տխուր պատկերը»,− կը գրէ սրտցաւ յօդուածագիրը եւ կու տայ 1976-էն  ի վեր գաղութին մէջ գործուած աւերին  մէկ երեսակը, որ է փակումը՝                          --5 դպրոցի                 --6 լրագիրի           --4 միութեան          

--1 թատերախումբի  --1 եկեղեցիի

Ու կ’եզրակացնէ. «Աւա՜ղ փառացս անցաւորի․․․ Յուսանք, որ ապագան աւելի լաւ օրեր վերապահած  ըլլայ մեզի․․․»:

Մաղթանք, որուն իրագործումը, դժբախտաբար, շատ կասկածելի է:

Աւելի ճիշդը՝ անիրագործելի: Այս աղէտը ո՞ւր պիտի հասնի:

armenag@gmail.com                                         Արմենակ Եղիայեան

 


Այսպէս ալ կարելի էր գրել (6)

            Մեծարգոյ Վարդգէս Գուրուեան  համեստօրէն կը գրէ, թէ ինք «կրթական մշակ մըն է, որ քիչ մը հայերէն գիտէ» («Պայքար», թիւ 357, էջ 3): Նման խոստովանութիւնը  մեծ առաքինութիւն է. կարեւորը սորվիլ կամենալն է, եւ բնաւ ուշ չէ կամաց-կամաց զարգացնելու ու լրացնելու  գիտելիքները:

                                                                                *   *   *

         Եւ թելադրելի է, որ  ան սկսի տարրական թուաբանութեան սերտողութեամբ, որպէսզի գիտնայ, թէ՝

         --Հայաստանի բնակչութիւնը «2,720,000 մարդ» չէ, այլ  2.920.000-էն վեր է, արցախահայերու յաւելումով՝ կ’ակնկալուի, որ ան անցնի 3.000.000-ը: Հայրենի վիճակագրական սպասարկութիւնը օրը-օրին կ’իրազեկէ մեր սրտցաւ հայրենակիցները, չեմ գիտեր թէ միւս թիւերը ուրկէ՛ կը հանուին: Թելադրելի է, որ Գուրուեան  նաեւ չմոռնայ  այս թիւերը գրելու միջակէտով, որպէսզի անհամեմատօրէն աւելի չնուազեցնէ հայերուն թիւը եւ կոտորակի չվերածէ  զայն: Կը բաւէ որքան կոտորուեցանք:

         Օրին այս նոյն սիւնակներէն ինչ-որ  Կէօնճեան մը իր կարգին 2.000.000 կը գնահատէր Հայաստանի բնակչութիւնը:    Չես գիտեր ինչո՛ւ, «Պայքար»-ը  եւ  իր քաջարի  զինակիցները անհամբեր են Հայաստանի բնակչութեան թիւը այսպէս նուազած տեսնելու: Թալաթ եւ ամբողջ թուրք ազգը տասնամեակ մը դրին 1.500.000 հայ սրբելու  համար Հայաստանի քարտէսէն, Կէօնճեան-Գուրուեան տանդեմը անձնդիր ջանիւք եւ  գրչի  մէ՛կ հատու  հարուածով կը ջանայ  լրացնել անոնց պակասը:

         --Թուաբանական սխալ հաշիւ մըն ալ կը գտնենք 44-օրայ զոհերու թիւի գնահատումին մէջ: Ըստ նոյն իրաւասու սպասարկութեան՝ ան 3.750-ի շուրջ է, Գուրուեան թեթեւ հոգիով, ձեռքով ու գրիչով զայն կը հասցնէ 5.000-ի՝ մեծահոգաբար աջակցելով... Ալիեւին եւ ձայնակցելով ուրիշ «հայրենակից»-ներու, որոնք միշտ ալ  նման, նոյնիսկ աւելի մեծ թիւերով գնահատած են մեր այդ թանկագին զոհերը:

         Այս բոլորէն ետք Գուրուեան  բարձր արհեստագիտութեամբ կը թելադրէ հայրենի իշխանութեանց եւ սփիւռքայութեան, թէ ինչպէ՛ս կարելի է հայրենադարձ կատարել եւ արեւմտահայեր ներգրաւել հայրենիքէն ներս:

         Կը յանձնենք  առ որ անկ է:

         Այնուհետեւ կարելի է անցնիլ մանրուքներու, որոնք ստորեւ...

                                                                           *   *   *

         --Այս վիճակին չէինք հասնէր...

         Այսինքն՝ չէինք հասներ...

         --չ’ուզեցին... չ’ուզեն...

         Այսինքն՝ չուզեցին...չուզեն...,         

         Պէ՞տք է ենթադերել, թէ Գուրուեան այսպէս ալ «սորվեցուցած է» իր աշակերտնե-րուն:

         --Հայրենիքի վերաբնակեցման հարցերը քննարկելու, ի պահանջել հարկին ալ՝ լուծելու նպատակով, Գուրուեան կ’առաջարկէ կազմակերպել համագումար մը, որուն հրա-ւիրուին  Հայրենիքէն եւ Սփիւռքէն «լուրջ մտաւորականներ, ընկերաբաններ, գիտնական-ներ, փաստաբաններ, դիւանագէտներ եւ ներգաղթ-արտագաղթի մասնագէտներ»՝ առանց մոռնալու «օտար մասնագէտներ, եթէ պէտք է»:        

         Երկու կէտ մութ է այս առաջարկին մէջ. նախ՝ ինչպէ՞ս պիտի ջոկենք լուրջ եւ անլուրջ մտաւորականները. ինչո՞ւ օրին տիկին Հրանուշ Յակոբեանը՝ սփիւռքի նախարարուհին, այսքանը չմտածեց եւ ցորենը որոմէն չզատած հեռացաւ ասպարէզէն:  Երկրորդ ի՛նչ բանելու պիտի հրաւիրուին... արտագաղթիմասնագէտները,− յայտնի չէ: 

         --Գուրուեան ուրիշ աղաւնիներ ալ ունի գլխարկին տակ:

«Մեր թիւը պէտք է շուտով կրկնապատկենք, որպէսզի մեր բանակը կարենայ պէտք եղած թիւով զինուորներ ունենայ»:

         Հապա՞՞՞, մէկ կողմէն ժողովուրդը գլխատելէ, միւս կողմէ բանակին զոհերուն թիւը ուռճացնելէ ետք, այս մեծահոգի մտածումները սփոփարար սպեղանի են, միայն  գոնէ  ճիշդ հայերէնով ըսուէին. « կարենայ ունենալ»:

              Եւ ան մեծահոգաբար կը թելադրէ քանի մը շինիչ ու գործնական առաջարկներ, որ կը փութամ սեփականութիւնը դարձնել ընթերցողներուս.

         ա) 10,000−25,000 դոլար  տուրք գանձել հայրենիքը լքող իւրաքանչիւր արտագաղ-թողէ. այսինքն՝ 10.000−25.000 դոլար, որով՝ եթէ նոյնիսկ  հարուստները ազատօրէն գաղթեն եւ ուռճացնեն Լոս Անճելըսի հայրենակիցներու  թիւը[1],  գոնէ աղքատները  չփորձեն  տեղերնէն շարժիլ,  մնան  Հայաստանի մէջ եւ ուս-ուսի  տուած, առիւծի նման՝ իրենց կուրծքով    պաշտպանեն զայն ազերիներու անօդաչուներու դէմ:

         բ) հայրենի իշխանութիւններուն՝ «դպրոցներէն ներս ազգային իրաւ դաստիա-րակութեան ուժ տալ», որ է՝ այն անիրաւ դաստիարակութեան փոխարէն, որ  տրուած է մինչեւ այսօր... անկախութենէն ի վեր:   

         Ա՜՜՜խ այս  անկախութիւնը,  ինչ խաղեր ըսես չխաղաց մեր անտէր գլխուն:

         գ)  սփիւռքահայութեան՝ «իր ժամանակաւոր հանգիստն ու հաճոյքը զոհել» ու երթալ-հայրենիք հաստատուիլ:  Ուրեմն հայրենիք հաստատուիլը զոհողութի՞ւն է, եւ այնտեղ ապրողները զոհե՞ր են, իսկ Հայաստանը համատարած զոհասեղա՞ն մը,  դուք ըսէք՝ գերեզմա՞ն մըն է: 

         Ահա այս «հայրենասիրութեամբ» ալ արեւմտահայը վարժ է Հայաստանէն  հեռու՝ օտար ափերու վրայ  սիրելու ու տէր կանգնելու իր հայրենիքին,  եւ ամէն արեւմտահայ  կ’ակնկալէ, որ  ի պահանջել հարկին  գտնուի  իրմէ տարբեր մէկը, որ  յօժարի հայրենիք վերադառնալու զոհողութիւնը յանձն առնել ու  տեղւոյն վրայ պաշտպանել զայն:

         Ակնկալելի է,  մաղթելի ալ է, որ Գուրուեան, այս ընկալեալ սովորութենէն  շեղելով,   առաջիններէն ըլլայ իր «հանգիստն ու  հաճոյքը զոհող»  եւ առնէ առաջին քայլերը եւ բարի  ու վարակիչ օրինակ դառնայ մնացորդաց:   

         Կարելի է վստահ ըլլալ, որ մեծաթիւ  ընդառաջողներ պիտի ունենայ հայրենասիրա-կան իր այս   հոգեպարար կոչին:

Ծանօթ.− Ընդառաջողներուն շարքերը  ստուգապէս պիտի խտացնէ Նուազի լը Գրանդի աւատապետն ալ, որ   տասնամեակնեդրէ  ի վեր յարմար առիթի կը սպասէ նահատակուելու՝  առանց... ճապկումի: 

         Օ՜ն,  անդր առաջ:

         Եւ Տէր ընդ  մեզ  ամենեսեանս:       

         armenag@gmail.com                                         Արմենակ Եղիայեան