Ճանչնանք մեր բառերը (10)
1.Աշկարայ
Այս բառը տասնամեակներ առաջ, երբ թրքախօսութիւնը շեշտուած էր Պուրճ-Համմուտի մէջ, ունէր շատ ընթացիկ ու սովորական կիրարկութիւն մը, յատակապէս թրքախօս շրջանակներու թէ պարագայաբար թրքերէն խօսողներու միջեւ: Կը նշանակէ յայտնապէս, ակներեւաբար, բացէ ի բաց, ակնյայտ, եւ ամէն ոք համոզուած էր, որ ան թրքերէն է[1]:
Շատ տարիներ ետք զարմանքս մեծ եղաւ, երբ զտարիւն ու թթու արեւմտահայ ու հայկաբան հայր Արսէն Ղազիկեանի «Մի՛ գրէք, այլ գրեցէք» աշխատութեան մէջ հանդիպեցայ անոր եւ բնականաբար... գայթակղեցայ:
Ղազիկեան թրքերէն բառ գործածէ՜,− ըլլալիք բա՞ն է:
Քանի ոչ մէկ արեւմտահայ արդի բառարանի մէջ գոյութիւն ունի ան, ուստի պէտք եղաւ դիմել մեծ իրաւարարին՝ Հրաչեայ Աճառեանի «Արմատական»-ին:
Եւ բանէն դուրս եկաւ, որ աշկարայ-ն պարսկերէնէ փոխառութիւն մըն է, որ օրին գոնէ մէկ անգամ կիրարկած է Վարդանանց հերոսամարտի անմահ պատմիչը՝ Եղիշէն: Ենթադրելի է, որ ան շատ յաճախուած չէ եղած, իսկ երբ 19-րդ դարուն արեւմտահայերէնէնի մաքրման ծիրէն ներս պոլսահայերէնէն կը վտարուէին շուրջ 4.000 թրքերէն բառեր,-- աշկարայ-ն իր կարգին դուրս դրուած է, Աճառեանի բանաձեւումով՝ «իբրեւ գռեհիկ բառ», քանի որ թրքերէն կարծուած է ան:
Ինչպէս շարունակեց կարծուիլ անկէ ետք ալ՝ մինչեւ մեր օրերը:
Պարսկերէնի մէջ ան ունեցած է av-āškārā արտասանութիւն մըն ալ, որ դարձած է ափ-աշկարայ, եւ այս տարբերակը, որ նախորդին սաստկականն է, նմանապէս կը լսէինք մեր շուրջը:
Անշուշտ այս յօդուածին նպատակը անոր վերականգնումը չէ:
Որքան ալ պարսկերէն ըլլայ ան, եւ մենք սովորաբար հակադրութիւն ունեցած չըլլանք պարսկերէն բառերու հանդէպ, այսուհանդերձ մեր լեզուն իր բնական ընտրութիւնը կատարած է. մէկ կողմէ՝ անոր յատկացնելով հազուագիւտ կիրարկութիւն մը մեր մատենագրութեան մէջ, միւս կողմէ՝ անոր պաշտօնական վտարումով աշխարհաբարի կազմաւորման ընթացքին:
Ծանօթ._ Բոլորովին տարբեր է կացութիւնը արեւելահայերէնին. աշկարայ-ն եւ ափաշկարայ-ն մտած են արեւելահայ բոլոր բառարաններուն մէջ: Եւ զարմանալի չէ, քանի թրքական համախտանիշը (syndrome) ոչ մէկ ատեն գործած է արեւելահայերէնի պարագային, վկայ հետեւեալ կարգի աղաղակող թրքաբանութիւնները՝ խաբար-լուր, չփլախ-մերկ, չախմախ-հրահան[2], չափալախ-ապտակ[3], չոբան-հովիւ... որոնք «բարբառային» պիտակին տակ տուն-տեղ եղած են այնտեղ:
2. Այլ հասարակաց փոխառութիւններ
***rang, որ կը նշանակէ գոյն. թրքերէնը կ’ըսէ renk, մինչ հայերս կ’ըսենք երանգ:
Այս բառը աւելի ուշ վերստին փոխառուած է պարսկա-թրքական արտասանութեամբ, գոնէ բարբառային մակարդակով, օրինակ՝ աչքի առաջ ունենալ Սայաթ-Նովայի հետեւեալ կիրարկութիւնը, որ միակը չէ.
«Ռանգդ փռանգի ատլաս է,
Զար ղալամքարի նման իս»...
Մինչ գրական հայերէնը շարունակած է պահպանել երանգ ձեւը:
Ինչպէս կը տեսնենք, հայերէնը փոխառեալ բառին սկիզբը աւելցուցած է ձայնաւոր մը՝ ե, որ կը կոչուի աճական:
Ծանօթ.—Աճականը անիմաստ հնչիւն մըն է, որ երբեմն կ’աւելնայ փոխառեալ արմատի մը սկիզբը կամ վերջը. օրինակ՝ հնդեւրոպական nomn արմատը հայերէնի մէջ դարձած է ա-նուն, իսկ ster արմատը դարձած է ստեր-ջ (ա եւ ջաճական են):
***nišan. թրքերէնը անփոփոխ առած է զայն՝ նիշան արտասանութեամբ, մինչ հայերէնը սղած է առաջին ձայնաւորը եւ ըսած է նշան:
Այս պարագային նկատելի է հետեւեալը. նիշան բառը պարսկերէնի մէջ կը նշանակէ հետք, դրոշմ, եւ այս իմաստով ալ առած է զայն հայերէնը՝ անոր վրայ հետագայ դարերուն աւելցնելով ուրիշ նշանակութիւններ (տե՛ս «Արմատական»), մասնաւորաբար նշանախօսութիւն-ը, որ պարսկերէնի մէջ բացակայ է:
Թրքերէնի մէջ նիշան-ին առաջնային իմաստն է նշանախօսութիւն-ը, իսկ հետք կամ դրոշմ նշանակութիւնը նուազ տիրական է:
Այս հաշուով թոյլատրելի է մտածել, որ թրքերէն նիշան-ը իր «նշանախօսութիւն» իմաստը զարգացուցած է ազդեցութեամբը հայերէնին, որ շատ աւելի կանուխ փոխ առած էր այս բառը:
***հunar. պարկերէն կ’արտասանուի հունար. թրքերէնը զայն դարձուցած է hünär, այսինքն քմայնացուցած է երկու ձանաւորներն ալ (հիւնäր), մինչ հայերէնը իրեն յատուկ նոյն սկզբունքով՝ սղած է առաջին ձայնաւորը ու ըսած է հնար:
***betar. թրքերէնը առած է այս բառը՝ միայն քմայնացնելով a ձայնաւորը՝ betär, մինչ հայերէնը զայն դարձուցած է վատթար (bet արմատը անգլերէնի մէջ bad է, իսկ հայերէն՝ վատ՝ b>վ նչիւնափոխութեամբ, որ շատ սովորական երեւոյթ է):
3. Յատկանշական է, որ օրին մեծաթիւ հայեր չէին ճանչնար ու չէին կրնար արտասանել հայերէն երանգ, նշան, հնար, վատթար բառերը, սակայն շատ հեշտութեամբ կ’արտասանէին ու կը կիրարկէին թրքերէն տարբերակները՝ ռենկ, նիշան, հիւնար, պեթար, որոնց շատ աւելի վարժ էին անոնք:
Այս չորսը, ուրեմն,− անշուշտ ուրիշներ ալ,− որոնք շատ հինէն կու գան, իրենց՝
թրքերէնի հետ նմանողութեամբ հանդերձ, որեւէ խտրականութեան առարկայ չեն դարձած ու մնացած են աշխարհաբարի մէջ եւս շնորհիւ իրենց ունեցած շատ լայն կիրարկութեան: Թրքական համախտանիշը չէ հարուածած զանոնք:
Ծանօթ._ Հայերէնի ու թրքերէնի պարսկերէնէ հասարակաց փոխառութեանց առնչութեամբ պէտք է գիտնալ հետեւեալը. թուրքերը պարսկերէնի հետ շփուիլ սկսան 8-րդ դարուն, երբ արաբական արշաւանքներուն դիմադրելու համար պարսիկները կեդրոնական Ասիայէն թուրք վարձկաններու օգնութեան դիմեցին,--ճիշդ ինչպէս ազերիները կը դիմեն ներկայիս օտար վարձկաններու,-- մինչդեռ հայ-պարսկական շփումները գոյութիւն ունեցած են անյիշելի ժամանակներէ սկսեալ եւ շատ զարգացած են մասնաւորաբար պարթեւ Արշակունիներու հարստութեան օրով, որ կը սկսի Տրդատ Ա.-ի գահակալութեամբ 52-ին (Քե.):
Այլ խօսքով՝ մեր փոխառութիւնները հազարամեակ մը աւելի հին են թրքականներէն:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան
[1] Թրքերէն արդի բառարաններուն մէջ ան մտած է aşikar/աշիկար արտասանութեամբ:
[2] Ներկայիս իբրեւ թէ հայացուցած են բառս՝ կրակվառիչ-կրակայրիչ զոյգ անճաշակութիւներով, այն-քան որ... փնտռել կու տան թրքերէն չախմախ-ը:
[3] Քաղած եմ երբեմնի կրթական նախարար Աշոտ Արմէնեանի... բառապաշարէն: