Վերարտադրած եմ Արմենակ Եղիայեանին թիւ 5 «Ճանչնանք մեր բառերը» հրատարակութիւնը։
Ճանչնանք մեր բառերը (5)
1. Խաչ եւ խաչերկաթ
Ինծի համար մնայուն հետաքրքրութեան առարկայ եղած է այն հարցը, թէ մեր այնքան մեծաթիւ փոխառութիւններուն դիմաց ՝ թրքերէնը իր կարգին որեւէփոխառութիւն կատարա՞ծ է հայերէնէն: Վերջին հաշուով մենք բաւականպատկառելի թիւ մը ունեցած ենք Թուրքիոյ մէջ՝ Արեւմտեան Հայաստանէն մինչեւ Պոլիս, ըսենք՝ ամբողջ բնակչութեան մօտաւորապէս մէկ հինգերորդը, իսկ Պոլիս մայրաքաղաքի բնակչութեան մէկ քառորդը, եւ ասոնք՝ ըստ 19-րդ դարու երկրորդ կէսին կատարուած եւրոպական մարդահամարի մը, որուն ակնարկած է Յակոբ Սիրունի:
Միւս կողմէ՝ քաղաքակրթական զգալիօրէն աւելի բարձր մակարդակի վրայ կըգտնուէինք հայերս յարաբերաբար տիրակալ քոչուոր թուրքին, որ գիր ուգրականութիւն չունէր տակաւին, երբ հաստատուեցան մեր առաջին շփումները:
Այլ խօքով՝ բոլոր նպաստաւոր պայմանները գոյութիւն ունէին, որ նման փոխառութիւններ կատարուած ըլլային, ինչպէս որ պատմականօրէն կատարեցին թուրքերը, օրինակ, մասնաւորաբար պարսկերէնէն, արաբերէնէնու որոշ չափով ալ յունարէնէն, աւելի ուշ՝ եւրոպական զանազան լեզուներէ, որոնց հանրագումարն է ձախին բերուած նկարը:
Ուր կ’ակնարկուի հայերէն փոխառութեանց՝ առանց թուելու անոնց գումարը, ինչպէս կատա-րած է այլ լեզուներու պարագային:
Այս վիճակագրութիւնը քիչ մը կը զարմացնէ զիս, երբ այսպէս կը թերգնահատէ հայերէնէ փոխաթիւնները եւ մինչեւ իսկ չի զիջանիր թիւ մը որոշել:
Ահաւասիկ հարցեր, որոնց այնպէս ալ չյաջողեցայ գոհացում տալ, ճիշդ չեմ ալ գիտեր, թէ յատուկ ուսումնասիրութիւն մը գոյութիւն ունեցա՞ծ է երբեւէ:
Տարտամօրէն կը յիշեմ, որ հայրս կ’ըսէր, թէ իրենց թուրք համագիւղացիները կը կիրարկէին հայերէն խաչերկաթ բառը: Այսպէս կոչուած է այն խաչաձե ւմետաղեայ հաւասարակողմ սարքը, որ կը հանգչեցնէին թոնիրին (պատկերը՝ձախին) բերանը՝ վրան զանազան առարկաներ,− մասնաւորաբար պտուկով կերակուր, բայց նաեւ տեղին համեմատ խորովածացու ,− դնելու ու եփելու համար:'
Վկայութիւն մը
«Աշնան վերջ, տատս խնոցուց հանած կարագը աղ էր դնում, ու ձմռան միօր`համարեա տարեմուտի էս օրերին, մեծ ղազանը կարագով լի դնում էրբոցկլտացող թոնրի վրա: Սկզբում խաչերկաթ էր դնում, թոնիրը երկու հաւասարմասի բաժանելով, ու կամաց-կամաց կրակը թէժացնում էր» (ՌոբերտՄաթոսեան):
Այս բառն ալ կը դառնայ ուղեցոյցս:
* * *
2. Պետրոս Կարապետեանի (Զէքի “իմաստուն” յորջորջեալ) Հայերէնէ-օսմաներէն բառարանին մէջ (1907) կը փնտռեմ խաչերկաթ-ը ու չեմգտներ:
Սակայն փոխարէնը կը գտնեմ, որ թրքերէնը խաչ բառին համար հաւասարապէս դիմած է հայերէնին (haç/հաչ) , յունարէնին (stavroz/սթաւրոզ), պարսկերէնին (çarmih/չարմիհ) ու արաբերէնին (salib/սալիպ):
Իր բաղադրեալ բառերը կազմած է մի՛այն հայերէնի խաչ-ով.
--haçcı /հաչճը = խաչապաշտ
--հaçlı/հաչլը = խաչակիր
--haçımsı/հաչըմսը = խաչաձեւ
--հaça germek/հաչա կերմեք = խաչել, խաչը հանել
--հaç çıkarmak/հաչ չըքարմաք = երեսը խաչ հանել, խաչակնքել
Ապա կը դիմեմ Google-ին ու այստեղ ալ կը գտնեմ, որ մեր «խաչերկաթը» ունեցած է թրքական 18 բարբառային արտասանութիւն կամ տարբերակ.որոնցմէ թուենք մէկ քանին.
--hecirget/հեճիրկեթ --hatirçak/հաթիրչաք
--haçirdek/հաչիրտեք --haçirgat/հաչիրկաթ
--hatirçek/հաթիրչեք --helgirdeç/հելկիրտեչ…
Եւ ոչ միայն...
Այստեղ ալ ի յայտ կու գայ, որ խաչերկաթ-ը որդեգրած են ռուսերը եւս՝
--кочерга /kočergá/քոչերկա արտասանութեամբ:
* * *
Ճանչնանք Պետրոս Զէքի Կարապետեանը
Եղած է իր ժամանակի մեծագոյն լեզուաբաններէն մէկը (1869−1937):
Սուլթան Համիտ զինք ընդհանուր քննիչ կարգած է թրքական բարձրա-գոյնվարժարաններու հայերէնի պարտադիր դասընթացքին: Այսպարտակա-նութեան ծիրէն ներս գրած է երկու պատկառելի բառարաններ՝ «Մեծբառարան հայերէնէ օսմաներէն» եւ «Մեծ բառարան օսմաներէնէ հայերէն»:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան