Վերարտադրած եմ Արմենակ Եղիայեանին թիւ 7 «Ճանչնանք մեր բառերը» հրատարակութիւնը
՚ 1.Առաւօտեան
«Ազդակ»-ի քաղաքական էջին սիրած եւ մեծ յաճախականութեամբկիրարկած,− եւ ուրեմն տարածած,− մէկ բառն է այս, ինչպէս այսօր, օրինակ՝
--Շաբաթ առաւօտեան Դիմադրութիւնը հաղորդեց, որ մարտիկներըառաւօտեան կանուխ ժամերուն վար առած են անօդաչու սարք մը (20/11/23, էջ 1, ա. սիւնակ):
Քերականական վերլուծումը ցոյց կուտայ, որ այս երկու կիրարկութիւններէն՝
--առաջինը մտածուած է իբրեւ մակբայ՝ «առաւօտեան հաղորդեց»:
--երկրորդը մտածուած է իբրեւ ածական՝ «առաւօտեան ժամերուն»:
Լեզուական նման լարախաղացութիւն մը «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը չցուցաբերէր, հապա ո՞վ պիտի համարձակէր, ո՞վ կրնար երազին մէջ մտածելնման բան մը:
* * *
Առաւօտ բառը գրաբարի սիրածներէն էր. աշխարհաբարն ալ կը կիրարկէզայն վայելչօրէն, սակայն նախընտրածը առտու գոյականն է.
առտու − առտուան – առտուանէ – առտուանով
Իսկ առաւօտը կու տայ՝
առաւօտ – առաւօտու(ն) – առաւօտէ(ն) – առաւօտով
Ինչպէս կը տեսնենք, այս յարացոյցին մէջ առաւօտեան չկայ. այսպէս էրգրաբարի մէջ, այսպէս է աշխարհաբարի մէջ եւս՝ որդի ի նմանութիւն մօր իւրոյ:Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ:
Չկայ, որովհետեւ առաւօտեան-ը ածական է.
--առաւօտեան ժամ, առաւօտեան լոյս, առաւօտեան ցօղ, առաւօտեանարշալոյս...
Եւ ուրեմն չի կրնար հոլովական յարացոյցի մաս կազմել: Ան ածական էրգրաբարի մէջ եւս, որուն հարազատ ժառանգորդն է աշխարհաբարը:
Դժուար չէ տարրական պարկեշտութեան ու բարեխղճութեանթելադրանքով՝ բանալ կարգ մը բառարաններ՝ գրաբար թէ աշխարհաբար, եւհաստատել այս բոլորը: Նայիրիի «Հայերէն բառարաններ» կայքը բոլորմիջոցները կ’ընծայէ հետաքրքրուողին:
* * *
2. Այս վերլուծումի հետեւութիւնը պիտի ըլլայ այն, որ ճիշդ կիրարկուածըերկրորդն է՝ «առաւօտեան ժամերուն», այսինքն՝ ածական որոշիչ + գոյականորոշեալ:
--Ո՞ր կամ ինչպիսի՞ ժամերուն... առաւօտեան:
Գալով առաջինին... բառային ահարկու լղրճուկ մըն է այս:
Ինչո՞ւ:
--Առաւօտեան ածականը, ուրեմն, այստեղ առնուած է իբրեւ մակբայ եւդրուած է «հաղորդեց» բային վրայ. սա առաջին սայթաքումն է: Իսկ երկրորդը՝
--Առաւօտեան ածականին տրուած է շաբաթ օրանունը իբրեւ որոշիչ...առաւօտեան ենթադրեալ որոշիչին. այսինքն՝ ածականը որոշադրուած է գոյականով մը... գացէք փորձեցէք նման բան մը, տեսնենք պիտի յաջողի՞ք:
Այսպիսի բաներ կրնան պատահիլ մի՛այն «Ազդակ»-ի քաղաքական էջերունմէջ:
Անոր կը հետեւի «Արարատ»-ը՝ «Հզպալլա առաւօտեան բացումըկատարեց ծանր հրթիրներով...»:
Եզակի, ըսել կ’ուզեմ՝ եզական, առանձնայատկութիւն մըն է այս, որունկառչած են այս կիրարկութեանց քաջազուն մատակարարները:
Իսկ ո՞ւր է լուծումը:
3. Լուծումը նախ եւ առաջ... լուծումի որոնումի ցանկութեան մէջ է:
Հոն, ուր յամառօրէն կը խուսափինք լուծում փնտռելէ եւ մեր ականջները կըխցենք ամէն առաջարկի յանդիման, իրերը կը մնան այնպէս, ինչպէս որ եղածեն ու կան այս էջին վրայ:
Ուրեմն՝ լուծումը. ահաւասիկ.
--«Շաբաթ առաւօտուն Դիմադրութիւնը հաղորդեց, որ...»:
Ճիշդ ի՞նչ ըրինք. առաւօտեան ածականը, որ չի կրնար ժամանակիպարագայ դառնալ հաղորդեց ու կատարեց բայերուն, փոխարինեցինք առաւոօտ գոյականի տրական հոլովով. սա հայերէնի ոգիին հետ բոլորովինհաշտ լուծում է. հայերէնը միշտ ալ տրական հոլովը կրնայ կիրարկել իբրեւբայական ժամանակի պարագայ. օրինակ՝
--Ես քեզ սիրի աշնան հովին:
(Ե՞րբ սիրեցի - աշնան հովին՝ տրական հոլով)
--Այս ուշ գիշերին... գնում է ահա մի մտամոլար ու հիւանդ տղայ:
(Ե՞րբ կ’երթայ... ուշ գիշերին՝ տրական հոլով)
--Աշնան կ’երթաս երկիր, եարիս բարեւէ:
(Ե՞րբ կ’երթաս... աշնան՝ տրական հոլով):
--Մշուշ ու ստուերք արշալոյսին կը հալին:
(Ե՞րբ կը հալին... արշալոյսին՝ տրական հոլով)
--Առաւօտուն Աբիսողոմ աղան ելաւ անկողինէն:
(Ե՞րբ ելաւ... առաւօտուն՝ տրական հոլով)
Կը նկատէ՞ք, որ Պարոնեան չէ ըսած՝ «առաւօտեան ելաւ»:
Իսկ առաւօտուն գոյականը կրնա՞յ իր վրայ շաբաթ գոյականը իբրեւ որոշիչստանալ, այլ խօսքով՝ գոյական մը կրնա՞յ դառնալ այլ գոյականի մը որոշիչը.այո, կրնայ դառնալ, այս եւս հայերէնի ոգիին բոլորովին հաշտ է. օրինակ՝
--ոսկի աշուն – ինչպիսի՞ աշուն՝ ոսկի
--քար սիրտ – ինչպիսի՞ սիրտ՝ քար
--բոց աչքեր – ինչպիսի աչքեր՝ բոց
Այնպէս ալ՝ երկուշաթթի օր... չորեքշաբթի օր... շաբաթ օր, ուրեմն՝ շաբաթառաւօտ:
* * *
−Գլուխնիդ բան մը մտա՞ւ,− վերապահօրէն կը հարցնէր Մուշեղ Իշխան՝յետ տեսնելով մեր յուսահատ դէմքերը եւ տարտամ, անորոշ ու ծանծաղ նայուածքները:
−Այո՛, պարոն, ամ-մէ՛ն բան հասկցանք,− առաջինը կը պատասխանէր ԵղիշէԽոստեղեանը՝ ինքնավստահ շեշտելով ամ-մէ ՛ն-ը, ինքը՝ դասարանինամէնէն մանրակազմ եւ սնդիկի պէս անհանդարտ, միշտ շուարած ու ոչինչհասկցող մանչը:
−Կը տեսնենք, կը տեսնենք,− ճաղատ ու բազմիցս փորձուած գլուխըթերահաւատ շարժելով կ’ելլէր-կ’երթար՝ ապաւինելով ներգործութեանը Սուրբհոգիին, որ միշտ ալ կը մոռնար մեր դասարանցիներուն այցելել: Իսկ հիմա՝
−Բան մը հասկցա՞ք,− հարցնելու հերթը իմս է:
armenag@gmail.com ԱրմենակԵղիայեան