Վահէ Յ. Աբէլեան – Դիմատետրի էջերէս, տարի մը առաջ (September 28,2016)
Մանուէլ Քէշէշեան
Թուրքիոյ օդակայանին մէջ պատահած ահաբեկչութեան առթիւ՝ Դիմատետրի
իր էջին վրայ տեղադրած էր գրութիւն մը, որմէ հետեւալ հատուածը կը մեջբերեմ.
“Հալէպի մէջ
ամէն օր ահաբեկչութեան զանազան երեսներով
երեւան գալուն եւ նոյն արդիւնքը արձանագրելուն
պատճառաւ կ'ուռճանայ զոհերուն քանակը, կը դառնայ վիթխարի եւ կը վերածուի պարզապէս ԹԻՒԻ, եւ մեզի համար սովորական
երեւոյթ կը դառնայ ռումբի մը զոհ երթալը, փողոցներու
մէջ միոտանիներու հանդիպիլը, անթեւ մարդիկ տեսնելը, միականիներու եւ այլ խեղուած մանուկներու
նկատելի գոյութիւնը, նոյնիսկ բառիս ֆիզիքական իմաստով՝ սողացող մարդիկ
տեսնելը: Այս ամէնը Իսթանպուլի նոյն ահաբեկիչներուն եւ կամ անոնց նմաններուն
պատճառաւ...:Որպէս հետեւանք դառն իրականութեան՝ հալէպցիներս անտարբեր կրնայինք
մնալ Իսթանպուլի ողբերգութեան դիմաց: Մենք անտարբեր չմնացինք, մենք ցաւ զգացինք, խոր ցաւ. չէ՞ որ անմեղ
մարդիկ զոհ գացած էին կոյր սպաննիչ ատելութեան, անծանօթ
մարդիկ, բայց մարդկային էակներ... մայր, քոյր, եղբայր, զաւակ եւ սուգի մէջ ընկղմող այլ հարազատներ ունեցող
մարդիկ: Հալէպի մէջ ամէն օր զոհեր կու
տանք ահաբեկչութեան եւ... եւ գիտէ՞ք, մեզմէ շատեր Թուրքիան
կ'ամբաստանեն որպէս ահաբեկչութեան հեղինակներէն մին, ահաբեկիչներուն
զէնք հայթայթող պետութիւններէն մին... Ուրեմն կը թուի թէ մենք նոյնիսկ պէտք է ուրախանայինք
կատարուած ողբերգութեան համար, սիրտ պաղեցնէինք, ըսէինք.-իրե՛նք ալ անգամ մը թող համտեսեն:
Չըսինք, սիրտ չպաղեցուցինք, չուրախացանք, ընդհակառակն՝
ցաւ զգացինք, սգացինք, մեր մեռեալ զոհերուն գումարեցինք 41 ալ, մեր խեղուածներուն թիւը աւելցաւ քանի մը հարիւրով....:
Ատելութիւնը սպաննեց մարդկային էակներ...”:
Ակնարկը
յոգնակի է։ Կրնայ միայն անձնական նկատողութիւն մը ըլլալ։ Հակառակ տիրող
անտանելի կացութեան, որուն մէջ անկասկած որ մեղսակից է Թուրքը,
թերեւս ալ հալէպահայ գաղութէն ներս ոմանք այդպէս
զգացին։ Չմոռնանք մեր խօսքը՝ «Աստուած թշնամիիս իսկ ցոյց չտայ»։ Ամէն պարագայի
տակ, Մանուէլ Քէշիշեանին ըրած նկատողութիւնը զիս խորհրդածութեան
տարաւ։ Հիմա դադրած եմ ապրուստի համար առօրեայ աշխատանքի հեւքէն եւ ժամանակ կրնամ տրամադրել
պրպտելու Դիմատետրի բազմաթիւ հայ էջերը, ուր տեղադրութիւնները
ընդհանրապէս կ՚ըլլան անգլերենով կամ լատինատառ հայերէնով։Անբնական
պիտի ըլլայ եթէ այդ էջերը ընթերցող մը չեզրակացնէ որ արեւմտեան աշխարհի անգլիախօս ամերիկահայ երեսուն կամ երեսունհինգ եւ նուազ տարիք ունեցող երիտասարդ սերունդին
մօտ տեղ գտած են հակաթուրք զգացումներ, չըսելու համար Թուրքին ատելութեան ընդհանրացած
վիճակ մը, որուն նմանին հադիպած չէի։
Բարեբախտութիւնը
ունեցած եմ կրթուելու Լիբանանի հայ վարժարաններէն
ներս եւ քիչ թէ շատ տեղեակ մնացած եմ սփիւռքահայ գրականութեան
եւ ականատես եղած եմ, չըսելու համար ապրած,
վերջին տասնամեակներուն վրայ երկարող հայ սփիւռքի պատմական հոլովոյթը։ Անգլերէնով
կամ առաւել պարագային՝ լատինատառ հայերէնով հաղորդակցութեան
մէջ մտած եմ այդ սերունդին հետ, ու անոր մօտ տեղ գտած հակաթուրք մոլուցքին նմանը չեմ տեսած՝
նոյնիսկ Մեծ Եղեռնէն փրկուած սերունդին մօտ, օրինակի համար Արամ Հայկազի գրականութեամ մէջ, որպէս մէկը ամերիկահայ
նախորդ սերունդին ներկայացուցիչներէն։ Ապրած եմ Մեծ Եղեռնի յիսնամեակին հոգեփոխութիւնը, ինչպէս նաեւ 1975 թուականները՝
երբ ԱՍԱԼԱյի եւ Արդարութեան Մարտիկներուն գործունէութնները մեզ բերին նոր հանգրուանի մը դիմաց։ Բայց ներկայի ընհանրացած հակաթուրք զգացումներուն, չըսելու համար ատելանքին տարողութեանը
եւ ընդհանրացումին չէի հանդիպած։ Այսօրուան ամերիկահայ այդ սերունդը հակաթրքութիւնը ըրած է չափանիշը իր հայկականութեան։ Հաւանաբար այս երեւոյթը
չէ վրիպած Վաչէ Բրուտեանին ուշադրութիւնէն։ 17 Յունիս 2016-ի «Ասպարէզ» օրաթերթին
մէջ յօդուած մը տեղադրած էր, որուն վերնագիրը ինքնին բացատրողական է՝ «Սխալ է հակաթուրք կամ հակաազերի
մտածողութիւնը (ԲԱՅՑ Ո՞ՐՆ Է ՃԻՇԴԸ ԲԱՑԱՏՐԵՆՔ)»։
Հետաքրքրականը
այն էր որ երբ Վաչէն այդ յօդուածը Դիմատետրի իր էջին վրայ տեղադրած էր, հոն յիշած էր հետեւեալը՝ «կրնաք համաձայն ըլլալ, կամ չըլլալ»։ Իր այդ նկատողութեան
մէջ՝ Վաչէին մօտ նկատեցի մտահոգութիւն մը, զոր այսպէս կը մեկնաբանեմ.- յօդուածին
վերնագիրը առաջին ակնարկով կրնայ շատ դիւրութեամբ սխալ մեկնաբանութեան առարկայ ըլլալ ներկայ
հոգեբանութեան մէջ։ Յաջորդ շաբաթուան իր յօդուածը Վաչէն կը սկսէր հետեւեալ ձեւով որ մնանապէս
մեկնաբանութեան կարիք չի տար.- « Անցեալ շաբթուան մեր սիւնակին խորագիրն
էր «Սխալ է հակաթուրք, կամ հակաազերի մտածողութիւնը»: Փորձ կատարուած
էր բացատրելու հարցը ըստ էութեան, միաժամանակ ընդգծելով Հայաստանակեդրոն
եւ Հայակեդրոն մտածողութեան անհրաժեշտութիւնը: Ընկերային
ցանցերուն վրայ, յարգելի ընթերցող մը մեր նկատողութեան յանձնեց, որ այդ յօդուածին
մէջ կը բացակայի Հայաստանի ազգային ապահովութեան գաղափարը:»
Պիտի չզարմանամ որ այդ ընթերցողը այն սերունդէն էր՝ որուն համար հակաթրքութիւնը չափանիշը եղած է Հայաստանակեդրոն
եւ Հայակեդրոն մտածողութեան ։ Այդ սերունդին
մօտ Մանուէլ Քէշիշեանին արտայայտութիւնը չէք կրնար գտնել։
Պարզուող
երեւոյթը ես հետեւալ ձեւով կը մեկնաբանեմ։ Հայերէն
լեզուն յաւերժ կորսուած է այն սերունդին մօտ, որ մեր սերունդին զաւակներն են։ Հետեւաբար հայերէն լեզուով ընթերցանութիւն չկայ եւ այսպէս՝ կտրուած է իրենց
թելը մեր գրական մշակոյթին հետ։ Մեծ Եղեռնը արդէն աւելի քան հարիւր տարեկան
է եւ անցած է պատմութեան՝ անկէ ճողոպրած մեր նախնիքներուն
հետ։ Կենդանի մնացած է միայն ու միայն թուրքը, այսինքն այսօրուան
առօրեայ Թուրքը, որուն ատելութիւնը դարձած է չափանիշը հայկականութեան՝ այդ սերունդին
մօտ։ Իսկ մեր կրթական, ընկերային եւ կրօնական առաջնորդները բացարձակապէս աննկատ ձգած են պարզուող եւ ընհանրացող
այս երեւոյթը սփիւռքի մէջ։
Վերջին
երկու տասնամեանկները կրնանք նկատել անգլիատառ գրականութեան զարթօնքը։
Բայց այդ գրականութեան հիմքը Genocide ն է, ըլլայ այդ
Peter Balakian ի, Eric Bogosian ի, Chris Bohjelian ի, ինչպէս նաեւ ուրիշ
անգլիատառ հայ հեղիկնակներու գրականութեան մէջ։ Ամերիկահայ այդ սերունդը
բացարձակապէս անծանօթ է Զօհրապի, Դուրեանի,
Դանիէլ Վարուժանի, Պարոնեանի, Ծառուկեանի, Մուշեղ Իշխանի, Շահան Շահնուրի
եւ անոնց սերնդակիցներուն, բայց «ծանօթ» է Թուրքին։ Դիմատետրի
հայ ընկերային կայքերու էջերուն վրայ շատ ընհանրացած է տեսնել ոչ թէ Թուրքիոյ օդակայանի
պատահած երեւոյթին դէմ արտայայտութիւն, այլ՝ հրճուանքի արտայայտութիւններ,
գէթ ինծի համար՝ յաճախ անտանելի ածականներով։
Այո Մանուէլ,
բացաօռձակապէս համաձայն են քեզի երբ այսօր Շինոն
Բերզի մահուած առթիւ եղած արտայայտութիւններէն
տարուած, գրեցիր « Տղաք, իրապէս յարգելի եւ սիրելի տղաք. անարգալից ածականներ գործածել պէտք չէ՛, հաւատացէք, բան չենք շահիր:
Այդ մարդը իր կարծիքով իր երկրին շահերէն մեկնելով դիրքորոշուած է: Կը հաւատամ որ զս սխալ չէք հասկնար:
Մենք մեր կարգին գործենք մեր ազգին եւ հայրենիքին շահերէն մեկնելով: ԳՈՐԾԵ՛նՔ:»