Վահէ Յ. Աբէլեան
Երեք քոյրերու կողքին, երեք եղբայրներ էին՝ Հրաչ, Աշոտ, եւ Ճորճ։ Այս տարի, քանի մը ամիսներ առաջ, Աշոտին մահով, երեք եղբայրները հողին յանձնուած եղան. Հրաչը՝ Ամերիկա, Աշոտը՝ Հայաստան, իսկ Ճորճը՝ Քեսապի, իր նահապետական գիւղին՝ Քէորքիւնայի մէջ,։ Իւրաքանչիւրը անմոռանալի անհատականութիւն մըն էր՝ բացառձակ հայրենասիրութեամբ եւ հայասիրութեամբ շաղաղուած։ Այս պլակը կը նուիրեմ իրենց յիշատակին կցելով իրենց կրտսեր եղբօր Ճորճ Ազատ Աբէլեանին՝ «խաչակիր»-ին մասին։
Ճորճ Ազատ Աբէլեան խաչակրութիւն ՝ Գարեգին Նժդեհին շիրիմը այցելութեան Խոստուփ Լեռ, 1972 Անթիլիաի յուշարձանէն, Պիքֆայա յուշարձան Ապրիլեան քայլարշաւին (See note 1)։ |
Շաբաթ 18 Հոկտեմբեր 2008: Աբէլեաններուն տոհմիկ գիւղէն - Քէորքիւնայէն - շատ շատ հեռու, զոյգ քաղաքներ (Twin Cities) կոչուած քաղաքին օդակայանին մէջն էի, երբ հեռաձայնով մայրս գուժեց ՃորՃ Աբէլէանին վաղաժամ մահուան լուրը: Մահը պատահած էր այդ Շաբաթ օրուան վաղ առաւօտեան ժամերուն եւ մարմինը ամփոփուած էր Քէորքիւնայի պապենական գերեզմանատան մէջ նոյն օրը, կէսօրէ ետք՝ յետ արարողութեան Քէորքիւնայի պատմական Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ: Չէի կրնար պատկերացնել աւելի պատշաճ եւ Ճորճը ամբողջացնող հանգստեան վերջին կայան մը անողոք հիւանդութեան մէջ մաշած իր մարմինին համար: Կարծես ինքն ալ անոր համար կատարած էր իր վերջին ուղեւորութիւնը դէպի իր արմատները: Խաբուսիկ բայց հանգստացնող բան մը ունի Ճորճի թաղման այս իրողութիւնը։
Սպասման սրահին մէջն եմ դէպի Լոս Անճէլոս ուղեւորութեան համար, ուր այնպայմանօրէն կը հանդիպէի իրեն: Բնականաբար կը պրպտեմ յիշողութիւնս եւ հոն կը գտնեմ զինք ոչ որպէս առօրեայ ներկայութիւն, այլ մեր կեանքին հանգրուաններուն շարանին մէջ: Քէորքիւնայի մէջն է ան, երբ մենք տակաւին պատանիներ կը խաղայինք իրենց ընտանիքին պատկանող Նոֆերենց հռչակաւոր մանկանային – ձիթհանին - շուրջ: Աւիլի ուշ, Հալէպի մէջ, երբ ես որպէս սկաուտ Պէյրութէն կը մասնակցէի ՀՄԸՄ մարզական խաղերու տողանցքին, կը հանդիպէի Ճորճին: Տարիներ վերջ Պէյրութ ենք ուսանողական մեր տարիներուն, ուր արդէն ցոյց կու տար կուտակուած ազգասիրութեան մը իւրայատուկ եռանդ: Եւ վերջապէս Լոս Անճելոս է եւ տակաւին պատնէշի վրայ՝ իբր հեռատեսելի “Գիրքերու Հետ” շաբաթական յայտագիրով, որ վարեց տասնամեակ մը՝ պատգամելով իր եղէգնեայ գրիչովը:
Նստած՝ Վերոնիք Շամմաս Աբէլեան, Ճուլիա Պոյաճեան Շամմաս, Նոֆէր Աբէլիան Կայնած՝ Վարդուհի, Արաքսի, Աշոտ, Ճորճ, Հրաչ, Յասմիկ Աբէլեաններ |
Ճորճը չկրցաւ տեսնել ազգային տոհմիկ արժէքներով բիւրեղացած հայախմբումի իրողութիւնը իր պատմական հողերուն վրայ: Սակայն բախտաւորութիւնը ունեցաւ ապրիլ անոր անհատական եւ մտերմիկ իրողութիւնը, յանձին Հալէպի մէջ ծնած, հայկական տոհմիկ ընտանիքի մէջ հասակ առած, Շաքէ անունով հայ աղջկայ մը հետ, որ դարձաւ Ճորճի կեանքին հարազատ եւ անձնուռաց ընկերակիցը մինչեւ վերջ
Այսպէս, Ճորճի բովանդակ կեանքը ազգային հաւաքական իտէալին որոնումը եղաւ, հեռատեսիլին վրայ իր պատկերացումովը, որպէս տաճար մը կառուցուած անխարդախ արժէքներու վրայ, ուր կմախքացած հայորդիներ պիտի հաղորդուէին այդ իտէալներով, վերակենդանանալու համար: Հաւատալ կ՚ուզեմ որ այդ ձգտումին գնահատանքը ապրեցաւ իր վերջին տարին: Կը հաւատամ այդ եղաւ այն պահուն, երբ, հեռատեսիլի կայանի վրայ, հայ երիտասարդ եւ երիտասարդուհի մը զինք հրաւիրեցին ըլլալ, հայ երիտասարդութեան պատգամաբերը 2008-ի Ապրիլ 24-ի առթիւ քաղաքական հաւաքին, իրեն յանձնելով գնահատագրի տախտակ մը:
Ես մեր իրողութեան մէջ չեմ հանդիպած նման ինքնաբուխ գնահատանքի, այդ ալ հայ երիտասարդութեան կողմէ, մէկու մը, որ ո՛չ ուսուցիչ է, ո՛չ կրօնական կամ կուսակցական, եւ հետեւաբար չի պատկանիր որեւէ միութեան մը՝ ըլլայ այդ կրթական, մշակութային, կրօնական կամ քաղաքական (հեռացուած էր Դաշնակցութիւնէն): Այլ ինքնատիպ անձ մըն է իր ուրոյն համոզումներով, անսակարկ ազգասիրութեամբ մը տոգորուած եւ բացարձակապէս խիզախ:
Մահուընէ քանի մը ամիսներ առաջ, իր շրջապատը զուարթացնելու տրամադրութեամբ, այսպէս արտահայտուեցաւ. «Ես արդէն անդի աշխարհին հետ կապի մէջ եմ, ամէնքն ալ հոն են: Հետեւաբար այս ագգին մազին անգամ դպչողը թող չկարծէ որ ինձմէ ազատած է»:
Ճորճ Ազատ Աբէլեանին շիրիմնագարը պատրաստել տուա եղբայրը՝ Հրաչը։ Նմանապէս տրամադրեց այս լուսաՆկարը։ |
Կեանքին եւ գործին կառչած այս տղուն հրամայականը ազգասիրութիւնն էր ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր: Այդպէս ալ տառացիօրէն մնաց մինչեւ իր մահուան սեմին, ինչպէս կը վկայէն իր կինը Շաքէն եւ եղբայրը Աշոտը: Երբ ան մահուան սեմին էր եւ ուժասպառ, գերմարդկային ճիգով մը Քէսապէն շուրջ 100 քիլոմեթր անդին, արաբացած եւ իսլամացած գիւղ մը գնաց զգաստութեան բերելու համար գիւղացիները իրենց հայ տոհմիկ ժառանգութեանը
Սիրելի եւ անմոռանալի Ճորճ: Ահաւասիկ տարիներ անցած են վաղաժամ մահուանդ վրայ: Այժմ դուն շրջապատուած ես քու հարազատներովդ եւ պատսպառուած Քէորքիւնայի դարաւոր կաղնիին հովանիին տակ որպէս յիշատակ եւ որպէս օրինակ՝ թէեւ ալեւորած եւ ալեհեր, կառչած կարելի է մնալ ազգային իտէալներուն ինչպէս դուն ըրիր քու բովանդակ կեանքիդ ընթացքին:
Note 1: 1972-ի, յուշարձանէ՝ յուշարձան Ապրիլեան քայլարշաւի ընթացքին, Ճորճ Ազատ Աբէլեանին կրած մեծ խաչը պատրաստած էր Ստեփան Փանոսեանը, այժմու Կիւլպէնքեան հաստատութեան Հայերէնի բաժանմունքին գործադիր վարիչ Ռազմիկ Փանոսեանին հայրը։