V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Friday, June 27, 2025

Վերջնախաղը

Վահէ Յ Աբէլեան

 

Մենք՝ հայերս աշխարհահռչակ ենք ճատրակի խաղին մէջ։ Թէեւ քիչ ենք թիւով, բայց աչքառու ենք խաղին մէջ։ Մեր թիւին համեմատ աշխարհարռչակ շատ ճատրակ խաղացողներ ունինք եւ ունեցած ենք որոնք կը նկատուին ճատրակի բարդ խաղին տիտաններէն՝ ընդունուած յորջորջումով ճատրակի մեծ վարպետներ են՝ grandmasters։

Ճատրակի կամ շախմատի խաղը բաժանուած է երեք տարբեր փուլերէ, որոնք ծանօթ են որպէս՝ սկզբնախաղ, միջնախաղ և վերջնախաղ։ Իւրաքանչիւըր ունի իր ռազմաւարութիւնը որոնք բնականաբար բարդ են։ իսկ սկբնախաղը ունի ծանօթ դասական ռազմաւարութիւններ որոնցմէ ոմանք ծանօթ են մեծ վարպետի մը անունով սկսելու համար խաղը՝ օրինակ Alekhine Defense, ճատրակի մեծ վարպետ Alexander Alekhine-ին անունով։ Միջնախաղը՝ խաղին ամենէն երկար փուլն է։ Իսկ վէրջնախաղը ունի երկու կարելիութիւններ՝ կամ երկու խաղացողները կը համաձայնին տեղի տալ միասնաբար, եւ կամ երկուքէն մէկը կը յաղթէ։  վերջնախաղին՝ սեւ գոյնով կամ ալ ճերմակ գոյնով խաղացողն է որ պիտի յաղթէ։ Հայաստանցիին, որ ճատրակի խաղին շատ աւելի ընտելացած է քան սփիւռքահայը,  սեւ եւ ճերմակ գոյնի ակնարկը երկարող քաշքշուկներու առիթ տուաւ սփիւռքի մէջ։ Շատ հաւանաբար կը յիշէք։ 

Ի՞նչու համար այս նախաբանով սկսայ այս պլակս։ Պարզապէս անոր համար որ Հայաստան քաղաքականօրէն՝ իր Պետութիւն եւ Եկելեցի սահմանդրութեան տնօրինումին վերջնախաղն է որ կ՚ապրի։ Իմ մեկնաբանութեամբս Հայաստանի քաղաքական վերջնախաղը նման է շախմատի սեւ եւ ճերմակ գոյնով խաղցողներուն՝ որոնցմէ մէկը պիտի տիրապետէ խաղին եւ յաղթէ։ Հայաստան՝ կամ տառացիօրէն կը կիրարկէ Պետութիւն եւ Եկեղեցի իր տնօրինած ահամանդարական բաժանումը կամ  ալ ոչ։

Իսկ Հայաստանի սահամանդրական քաղաքականութեան վերջնախաղն ալ, բնականաբար ըստ ինծի, հետեւեալն է՝ կամ, Հայաստան ինքիշխան պետութիւն մըն  է որ խաղաղ դրացնիութեան քաղաքականութիւն կը վարէ իր անմիջական դրացի երկիրներուն հետ, ինչպէս նաեւ իր տարածաշրջանին եւ աշխարհի գերպետութիւններուն հետ։ Կամ ալ, Հայաստան կը գտնուի Ռուսաստանի Դաշնութեան համալիրէն մէջ եւ կամ հոն ընկալուած է, ինչպես է՝ օրինակ Պելառուսը (Belarus)։ Որուն ցկեանս նախագանին տառացի առաջարկը Հայաստանին արդէն այդ է՝ միաւորուիլ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան հետ։

Հայաստանի քաղաքական վերջնախաղը՝ այո, սեւ կամ ճերմակ է։ Իւրաքանչիւրը ունի իր հիմնաւորումը։ Ռուսամետութիւնը Հայաստանի քաղաքական ընդիմադրութեան հեռանկարն է, ինչպէս է նաեւ Էջմիածինի Հայ Առաքելական Եկեղեցիին բարձրաստիճան դասունը՝ գլխաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ Ներսիսեանինը։ Այդ քաղական ընդիմադիր յատուածին ղեկաւարութիւնը կը վարեն Հայաստանի նախքին նախագահները որպէս քաղաքական ընդիմադիներ՝ մանաւանդ Ոոպէրթ Քոչարյան եւ Սէրժ Սարգսյան, իրենց համախորհուրդ եղող աջակիցներուն հետ որոնք Հայաստանի մէջ ճանցուած են որպէս Ղարաբաղի խմբակ (կլան)։ Խորքին մէջ անոնք տնտեսական ընտրաններ են։ Այդ քաղաքական խմբակցութեան կ՚ընդիմանայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը իր համախորհուդներով իրենց խաղաղութեան խաչնկրուկի քաղաքականութեամբը։

Հայաստանի վերջնախաղը բնականաբար կը դնէ սփիւռքը դժուար ընտրութեան մը դիմաց։ Զանց պիտի առնեմ սփիւռքի քաղաքական կամակերպութիւնները։ Պարզապէս  անոր համար որ այդքան չեմ կարեւորեր անոնց Հայաստանի վարած քաղաքականութեան ազդեցութիւնը Հայաստանի մէջ եւ կամ սփիւռքի մէջ։ Ընդունուած է որ ամէն քաղաքականութիւն տեղական է։ Հայաստանի քաղաքականութիւնն ալ Հայաստանի մէջ է, բնականաբար ոչ սփիւօքի։ Բայց շատ կը կարեւորեմ Կիլիկեան, կամ պատմական Սիսի Կաթողիկոսութեան՝ Անթիլիասի կաթողիկոսութեան վրայ բարդուած պատասխանատուութիանը։  Կը պատկերանեմ որ ան աքցանի մը մէջ է։

Իմ պատկերացումս հետեւալն է՝ Հայաստանի Ռուսամէտ քաղաքականութիւնը, անխուսափելիօրէն պիտի մերձերցէ Էջմիածինի Առաքելական Եկեղեցին Ռուսիոյ օրթոտոքս եկեղեցիին հետ՝ Մոսկուայի մէջ։ Տիրող մտայնութեամբ, երկուքն ալ այլամերժ են։ Այս մերձերցումը, մենատիրութիւնէ տարուած, պիտի ջամայ ջլատել Կիլիկիոյ Սիսի Կաթողիկոսութիւնը սփիւռքի մէջ՝ միակ հաստատութիւնն է որ մնացած է Արեւմտահայաստնանէն ուր Արեւմտահայ լեզուն պիտի մնայ։ Ռուսամետ Հայաստանը եւ Ռուսամօտ Էջմիածինի Հայ Առաքելական Եկեղեցին այլամերժ են։ Անոնց  գերակայ նպատակը պիտի ըլլայ ամջողջութեամբ տիրապետել Հայ Առաքելական Եկեղեցիին ի հեճուկս պատմական Սիսի կաթողիկոսութեան՝ զանց կ՚առնեմ երկու պատրիարքութիւններուն ակնրկել այս կարճ պլակին մէջ։

Անթիլեասի Կաթողիկոսութիւնը ներկայիս կը գտնուի սալի եւ մուրճի միջեւ։ Իմ պատկերցումովս պէտք չէ որ  ան՝ Հայաստանի այս վերջնախաղը դիտէ որպէս եկեղեցական հարց, պարզապէս քանի որ վերջնախղը եկեղեցական չէ, այլ քաղաքական է կարգ մը եկեղեցականներու մեղսակցութեամբ։

No comments:

Post a Comment