Gadarine՛ Manougian’s Golgotha
The attached is my translation from the last segment of Dr. Armenag Yeghiyan’s remembrances (numbered 20) - (Հայրենի Յուշեր 20). In this segment he dwelt upon the state of Aram Manougian’s widow, their daughter Seta and their houseէ in Yerevan. The original is attached. Vahe H. Apelian
Aram Manougian passed away on January 29, 1919, due to typhus, after putting a life and death struggle for a month and after having – if it could be characterized so – the pleasure of witnessing the independent statehood. He left behind his physician widow Gadarine՛ Zalian (Կատարինէ Զալեան) and their four months old orphaned daughter Seta (Սեդա) in her crib.
*****
Aram Manougian’s and Gadarine՛ Zalian’s wedding took place during the early part of 1918. At the time she was engrossed in her work keeping the refugees safe from prevailing epidemics. Their meeting had taken place in the very hospital she was working.
Their marriage lasted hardly a year and a half.
After the death of her husband, his widow was elected as a delegate to the 80 members national assembly becoming one of the three women delegates. Meanwhile she continued providing medical care to the refugees.
Not long after her widowhood, the Sovietization of Armenia took place, and her Golgotha began.
The Soviet authorities first confiscated her two-story beautiful residence that was constructed with black stone. Aram Manougian’s friend Fadey Kalantarian (Ֆատեյ Քալանդարեան) had gifted the house to him when he arrived in Yerevan. The Soviet authorities also forbad her from practicing medicine.
Having become homeless, Mrs. Manougian took refuge in her sister’s one bedroom apartment. From there she went to Krasnodar in Russia and moved in with her deceased husband’s relatives living a modest life doing menial work.
In 1937 the need for physicians became acute in Armenia because of shortage for trained physicians. This gave her the opportunity to return to Yerevan and devote herself to her profession. “My mother went to work in the morning, would come home during lunch to feed me and would return to work keeping me behind closed door. That was her life in a nutshell.” Recalled Seta Manougian in her memoirs.
The communist authorities not only attempted to crush the family Aram Manougian left behind, but also desecrated his grave unearthing Aram’s remains. The state of the First Republic had undertaken the burial of Aram’s remains in the state pantheon where the present Komidas Park and Pantheon is located, in Yerevan. His widow, while in a state of abject poverty, took upon herself and had her husband's remains buried in the cemetery of Tokhmam Geol. ( Note: Dr. Armenag visited Aram Manougian’s gravesite in 1989 and met the eminent scholar Varag Arakelisn who had spearheaded the sculpting of the memorial monument and having it placed at Aram Manougian’s gravesite. See my blog titled “ Aghpalian, Aram, and Njteh: http://vhapelian.blogspot.com/2021/05/armenag-yeghiayan-aghpalian-aram-and.html”).
During the years of independence (post September 21, 1991). Aram Manougian’s remains were unearthed and were taken and reburied in the Yerevan Pantheon, which is the most revered cemetery. The remains of Aram Manougian’s widow Gadarine՛ and those of their daughter Seta were also brought and buried next his.
*****
There came the 1937 dreadful years. Mrs. Gadarine՛ Manougian once again was evicted from her home and released from her work. She lived in abject poverty until the start of the world war, at which time, once again, the need for trained physicians became acute in Armenia. The government restated her rights as a citizen and her professional qualifications and permitted her to resume practicing her profession as a medical doctor for the rest of her life.
She passed away in 1965.
Gadarine Zalian-Manougian, Berjouhy Parseghian, Varvara Sahagian |
A short while before her death, she has told her daughter Seta, “I did not see, but you will most definitely see the day when people will remember and appreciate your father. I am sure that the Armenian people will not forget him.”
After the death of her mother Seta Manougian continued to live in Yerevan until 1976. Subsequently she moved to Moscow where she lived the remainder of her life until her death in 2005, at the age of eighty-six. Throughout those years Seta visited Armenia once in 1998 when she gifted to the national museum her father’s personal belongings and pictures.
Regarding the state of Aram Manougian’s house, Dr. Armenag Yeghiayan noted the following in a footnote:
“Aram Manougian’s dilapidated house is on the former Spandarian Street, nowadays Aram Street, No. 9. For unknown reasons, the once beautiful and fortified structure in central Yerevan has reached its current neglected state. Through the years of independence, the house turned into a landfill, where passersby did not hesitate to meet their needs there. Sometime later. Mayor Taron Margarian granted it a lock that would at least note to keep it "clean" and placed a plaque on the only wall standing, the façade, that reads: “In this house lived and died the founder of the Armenian Republic, Aram Manougian, 1917-1919”. A heartbroken journalist testified to the following in Aztag Daily on 8/25/2015, in an article titled “Shame”. "I go in carefully, avoiding the stinking garbage bags and the dirt that people have expelled."
No one, or a party, or an organization has managed to find a proper solution to this deplorable situation. On the contrary, everyone found a way avoiding the matter and pointing fingers to the municipality of Yerevan, whose official position remains the following: "Aram Manougian's house is privately owned. The municipality has no authority there."
It turned out that its owner is Vartan Srmakesh (Վարդան Սրմաքէշ), a resident of Switzerland who has bought the whole street from a certain Yagoupian (Եագուպեան), who is now deceased, and started demolishing to erect new building. The public remains unaware of any successful attempt to compensate the current owner to repossess Aram Manougian’s house and return it to the nation.”
Հայրենի յուշեր (20)
(Իբրեւ վերջաբան)
Հայրենի յուշերուս այս վերջին դրուագը կ’ուզեմ յատկացնել Արամի յիշատակին, անոր անձին ու ընտանիքին վերաբերող կարգ մը մանրամասնութիւններու, որոնք ընդհանրապէս կը վրիպին արդի հայու գիտութենէն, թէկուզ միշտ ու միանշանակ՝ բոլորովին անծանօթ չըլլան պատմածներս:
Արամի գործունէութեան փայլուն փուլերէն մէկը կը կազմէ Վանը:
Ան առաջին անգամ հոն ոտք կը դնէր 1904-ին եւ այնուհետեւ,-- կարգ մը ընդմիջումներով,-- բախտը կը կապէր մասնաւորաբար այդ պատմական ոստանին եւ ընդհանրապէս ամբողջ Վասպուրականին՝ արժանանալով «Վանայ Արամը» յորջորջումին եւ առարկայ դառնալով շրջակայ թուրք, քուրդ եւ այլազգի շրջանակներու միահամուռ յարգանքին՝ մինչեւ «փաշա» անուանումը: Այստեղ ան քիչ մը ամէն բան է՝ ուսուցիչ, դպրոցի հիմնադիր, երիտասարդական խումբերու կազմակերպող, ազգային հաստատութեանց վերակացու եւ հայութեան մնայուն ներկայացուցիչը՝ յաչս թրքական կառավարութեան:
Արամ Վանը կը լքէ անոր ինքնավարութեան անկումէն ետք՝ 1916-ին, որ կը զուգադիպի ռուսական բանակի նահանջին Արեւմտեան Հայաստանէն, երբ այլեւս կարելի չեղաւ այնտեղ պահպանել՝ հայ կամաւորական գունդերու առաջնորդութեամբ ու օգնութեամբ ազատագրուած տարածքները, ուր պահ մը նահանգապետ ալ նշանակուեցաւ ան ռուսական իշխանութեան կողմէ:
* * *
Նահանջելով Վասպուրականէն՝ ան կը հասնի Թիֆլիս, ուր կեդրոնացած էին օրուան կարեւորագոյն գործիչները եւ կը վճռուէին ազգային բոլոր հարցերը: Սակայն այս միջավայրը իր նստակեցական ու դիւանակալական բարքերով չի գրաւեր զինք, եւ 1917-ին, Ազգային խորհուրդի լիազօր ներկայացուցիչի հանգամանքով ան կ’անցնի Երեւան, որ շատ աւելի կը պատշաճէր իր ճաշակին ու ըմբռնումներուն եւ ուր, մանաւանդ, շատ աւելի գործ կար ընելիք:
Արդարեւ, Երեւանը այդ օրերուն լեցուած էր արեւմտահայ հոծ գաղթականութեամբ, մասնաւորաբար մեծաթիւ՝ մօտ 50.000, անտէր որբերով, որոնց վիճակը շուտով պիտի օրհասական դառնար աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր այնտեղ հաստատուած ռուսական բանակի վերջին մնացորդներու հեռացումով՝ ի հետեւանս Լենինի կոչերուն՝ դադրեցնելու պատերազմը եւ վերադառնալու տուն, ինչ որ բոլորովին անտէր կը ձգէր Հայաստանը թրքական զօրքերու դէպի Արարատեան դաշտ խուժումի փորձերուն դիմաց: Հայրենի հայութեան ու կամաւորական գունդերուն վերջին բեկորներուն աչքերը բնական հակումով մը կը յառին Արամ Մանուկեանին, որուն վարչական ու ռազմական համբաւին այլապէս ալ ծանօթ էին անոնք:
Այս առանձին ու անտէր մնացած զանգուածի ջանադիր կազմակերպութեան շնորհիւ է, որ յառաջացաւ այն դիմադրական ուժը, որ համակած էր հայութիւնը երեք տարի առաջ Վանի մէջ եւ պիտի ամիսներ ետք վերայայտնուէր Սարդարապատի մէջ՝ յաղթական դիմագրաւելով թրքական ներխուժող հորդաները եւ պարտութեան մատնելով զանոնք` վերականգնելու համար վեց դարերէ ի վեր կորսուած հայ պետականութեան հիմքերը՝ 28 մայիս 1918-ին:
Եւ մինչ կ’ակնկալուէր, որ ի՛նք ալ գլխաւորէր հռչակուած հանրապետութիւնը, Արամ Մանուկեան, որ միշտ խուսափած էր տիտղոսներէ ու ցուցական պատիւներէ, իր տեղը կը զիջի Յովհաննէս Քաջազնունիի, որ կը դառնայ առաջին վարչապետը, մինչ ինք կը ստանձնէ ներքին նախարարութիւնը, ուր շատ աւելի գործ կար ընելիք, մօտ ամիս մըն ալ ժամանակաւորապէս կը վարէ աշխատանքի եւ խնամատարութեան նախարարութիւնները:
Կը մահանայ 29 յունուար 1919-ին, բծաւոր տիֆի վարակով, ամբողջ ամիս մը պայքարելէ ետք հիւանդութեան դէմ եւ հազիւ եօթը ամիս վայելելով,-- եթէ կարելի է այսպէս ըսել,-- անկախ պետականութեան հրճուանքը: Ետին կը ձգէ այրին՝ բժշկուհի Կատարինէ Զալեանը, եւ չորս ամսու որբուհի մը՝ Սեդան, խանձարուրի մէջ:
* * *
Արամ Մանուկեանի եւ Կատարինէ Զալեանի ամուսնութիւնը տեղի ունեցած է 1918-ի սկիզբը: Այն ատեն կինը լծուած էր գաղթականներն ու որբերը համաճարակներու դէմ պաշտպանելու համար մղուող պայքարին, եւ անոնց հանդիպումն ալ տեղի կ’ունենայ ճիշդ այն հիւանդանոցին մէջ, ուր կը գործէր ան:
Այս ամուսնական կեանքը կը տեւէ նուազ քան տարիուկէս:
Ամուսինին մահէն ետք կինը կ’ընտրուի խորհրդարանի պատգամաւոր՝ դառնալով 80 անդամ հաշուող Ազգային ժողովի երեք կիներէն մէկը՝ շարունակելով միաժամանակ բերել իր մասնակցութիւնը գաղթականներու խնամքին:
Վրայ կը հասնի Հայաստանի խորհրդայնացումը, եւ կը սկսի անոր գողգոթան:
Նախ կը գրաւեն բնակարանը , որ սեւ քարէ կառուցուած երկյարկ գեղեցիկ շէնք մըն էր, որ Արամ Մանուկեան, Երեւան ժամանելուն առթիւ, նուէր ստացած էր Ֆատեյ Քալանդարեան անուն բարեկամէ մը, ապա կը զրկեն աշխատանքէ եւս: Տիկին Մանուկեան, բոլորովին անտէր մնալով, կը հաստատուի քրոջը մէկ սենեականոց տունը, այնուհետեւ կը մեկնի Կրասնոտար՝ Արամի ազգականներուն քով, ուր կ’ապրի չարքաշ կեանքով մը՝ կատարելով քանի մը աշխատանք: 1927-ին Հայաստանի մէջ խիստ կարիքը կը զգացուի մասնագէտ բժիշկներու, ահա այս առիթէն ալ օգտուելով ան կը վերադառնայ Երեւան ու կը նուիրուի իր մասնագիտութեան. «Մայրս առաւօտեան աշխատանքի կ’երթար, ճաշի կու գար, զիս կը կերակրէր, նորէն դուռը վրաս փակելով՝ կ’երթար ուրիշ գործի, դա էր նրա ամբողջ կեանքը»,-- կը վկայէ Սեդա Մանուկեան իր յուշերուն մէջ:
Արամի ընտանիքը խորտակելու փորձէն ետք՝ օրուան համայնավար իշխանութիւնները կ’արտաշիրմեն անոր աճիւնները եւս, որ օրին կը գտնուէր այժմեան Կոմիտասի անուան պանթէոնի տեղը, ուր թաղուած էր Առաջին հանրապետութեան ծախսերով, եւ կնոջը շատ նեղ միջոցներով անոնք կը փոխադրուին այժմեան Թոխմախ գէօլի գերեզմանատունը, որուն ակնարկուած է այս յուշերու 12-րդ դրուագին մէջ: Անկախութենէն ետք՝ Արամ Մանուկեանի շիրիմը մէկ անգամ եւս տեղափոխուեցաւ ու հանգրուանեց այս անգամ,− յուսանք վերջնականապէս,− Երեւանի պետական պանթէոնի մէջ, ուր բերուեցան ու ամփոփուեցան անոր կնոջ եւ աղջկան աճիւնները եւս:
* * *
Կը հասնի 1937 չարաշուք թուականը, եւ Կատարինէ Մանուկեան անգամ մը եւս դուրս կը դրուի տունէն ու կ’արձակուի աշխատանքէն: Ան տնանկ ու ծայրայեղ թշուառ կ’ապրի մինչեւ Համաշխարհային պատերազմի սկիզբը, երբ մեծ կարիք կը զգացուի բժիշկներու, ուստի կը թոյլատրուի, որ ան վերատիրանայ իր քաղաքացիական իրաւունքներուն եւ վերսկսի աշխատիլ:
Այսպէս կ’ապրի ան մինչեւ մահը՝ 1965-ին:
Մահէն քիչ առաջ ան կ’ըսէ աղջկանը. «Ես չտեսայ, բայց դու անպայման կը տեսնես այն օրը, երբ մարդիկ կը յիշեն ու կը գնահատեն քո հօրը: Ես վստահ եմ, որ հայ ժողովուրդը չի մոռանայ նրան»:
Մօրը մահէն ետք Սեդա Մանուկեան Երեւան կը մնայ մինչեւ 1976, ապա կը հաստատուի Մոսկուա, ուր կ’ապրի կեանքին մնացեալ տարիները մինչեւ 2005` 86 տարիքը: Այս ամբողջ միջոցին ան միայն մէկ անգամ՝ 1998-ին կ’այցելէ Հայաստան, ուր Սարդարապատի թանգարանին կը նուիրէ հօրը անձնական իրերն ու լուսանկարները:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան
No comments:
Post a Comment