The Armenian poets of Felix Anvers' Sonnet |
Armenians seem to be among the most appreciators and best translators of Arvers' sonnet, and that is not surprising when we consider the warm ties that Zartonk's generation established with French culture. To make the point, attached are repesentative from of this reality, I cite the attached translations ann put them at the disposal of the reader, without being sure that these will will be it. If others are found, please let them know to me so that I can add to the archive and return it to the public as its property.
The translators of the sonnet are listed in the following order: the first listed is by Megerditch Ajemian (first bottom right picture); the second listed is by Vahan Tekeyan on the left in the picture); the third is by Mesrob Noubarian (mid right), the forth and the last listed is by Meroujan Barsamian (top right in the picture).
-------------------------
Հայերը կը թուին ըլլալ Առվերի հնչեակը առաւելագոյնս գնահատողներէն ու լաւագոյն թարգմանողներէն: Եւ զարմանալի չէ, երբ նկատի առնենք այն ջերմ կապերը, որ Զարթօնքի սերունդը հաստատեց ֆրանսական մշակոյթի հետ: Այս իրողութեան վկաներն են այն մեծաթիւ թարգմանութիւնները, որ ստորեւ կը դնենք ընթերցողի տրամադրութեան տակ՝ առանց վստահ ըլլալու, որ ասոնցմով կ’աւարտի շարքը: Եթէ գտնուին ուրիշները եւս, կը խնդրեմ հասցնել զանոնք ինծի, որպէսզի համալրեմ արխիւս ու hաճոյքով վերադարձնեմ զայն հանրութեան՝ իբրեւ անոր սեփականութիւնը:
Վայրկենի մէջ ծնունդ առած սէր մ’անբաւ.
Վէրքն անդարման է ու կը կրեմ անխօսուկ,
Կին մը տուաւ զայն, բայց երբեք չգիտցաւ:
Այսպէս կ’անցնիմ մօտէն՝ աչքէն ալ անտես,
Միշտ մենաւոր եմ, թէպէտեւ միշտ իր քով.
Երկրիս վրայ կեանքս պիտի կնքեմ ես՝
Ոչինչ հայցել կամ ընդունիլ յուսալով:
Նէ[1], զոր երկինք ստեղծեց գողտր ու հլու,
Կ’ուղեւորի անփոյթ՝ առանց լսելու
Մրմունջ սիրոյ, որ քայլերուն շուրջ զեղու:
Իր խիստ պարտքին հաւատարիմ, երկիւղած,
Երբոր կարդայ իրմով առլի այս քերթուած,
«Ո՞վ է այդ կին»,− պիտի յարէ անկասկած:
(1911) Մկրտիչ Աճեմեան
* * *
Յաւերժական սէ՜ր մ’անհուն, զոր երկվայկեան մը ծնաւ.
Ցաւս անյոյս էր, ուստի չյայտնեցի զայն բնաւ,
Եւ զայն տուողն ալ երբեք չունեցաւ ոչ մէկ կասկած:
Ես միշտ, աւ՜աղ, իր քովէն պիտի անցնիմ աննշմար,
Միշտ իր մօտիկը թէպէտ, բայց մենաւոր յաւիտեան,
Եւ աշխարհի վրայ ընեմ պիտի շրջանս լման՝
Ոչինչ խնդրած եւ ոչինչ ալ ստացած ինձ համար:
Մինչդեռ ինքը, շատ անուշ ու թէեւ շատ ալ աղու,
Պիտի երթայ իր ճամբէն անփոյթ՝ առանց լսելու
Սիրոյ մրմունջը յառնող իր քայլերուն հետքին վրայ:
Հաւատարիմ եւ հլու իր սուրբ պարտքին խստամբեր՝
Պիտի ըսէ , երբ կարդայ իրմով լեցուն այս տողեր
«Ո՞վ է այդ կինը արդեօք»,− եւ պիտի չհասկնայ:
Վահան Թեքէեան
* * *
Սէր մը անանց ու սաստիկ, որ յեղակարծ գերեց զիս.
Ցաւս անբոյժ ու անյոյս՝ հարկը տեսայ լռութեան,
Կինն ազդող իմ հոգւոյս չէ հասկցած ոչ մէկ բան:
Անոր քովէն ես անցած պիտի ըլլամ աննշմար,
Միշտ իր քովիկն, իր դիմաց, այլեւ մինակ ու թշուառ:
Սիրտս կոտրած, տխուր է, պիտի անցնիմ աշխարհէ՝
Բան մի իրմէ չխնդրած, չընդունած բան մի իրմէ:
Թէպէտ բարի, զգայուն կազմած ըլլայ զայն Աստուած,
Իրեն ճամբան թարթափուն պիտի քալէ չլսած
Անգամ մը իսկ՝ ցաւագին սիրոյ դժբախտ քրթմնջիւն,
Որ իր անցած միջոցին իրեն կ’ուղղուի նուաղուն:
Առաքինի, երկիւղած, իրեն պարտուց կապուած նա՝
Իմ այս տողեր երբ կարդայ, զորոնք ի՛նք է ներշնչած,
«Ո՞վ է այդ կին» պիտ’ըսէ «որու տարփով կ’այրի սա»,−
Ու անգիտակ իմ հուրէն՝ բան պիտի չհասկնայ:
(1904) Մեսրոպ Նուպարեան
Ծանօթ.-- Ուրեմն Մեսրոպ Նուպարեան քանի մը անգամ թարգմանած է Առվերի հնչեակը, աւելի ճիշդը՝ վերատեսութեան ենթարկած է զայն. այլ տարբերակ մը տուինք «Հնչեակի մը հետքերով»-ի առաջինյօդուածով[2]:
* * *
Վայրկենապէս զգացուած յաւերժական սէր մը հէգ,
Զոր ոչ ոքի պատմեցի՝ ցաւս անյոյս ըլլալուն,
Ու վիշտ առթողն ալ այսպէս չհասկցաւ զայն երբեք:
Ճիշդ իր քովէն անտեսուած պիտի անցնիմ ես, աւա՜ղ,
Միշտ իրեն մօտ եւ սակայն մինակ, լռին ու դժկամ.
Եւ մինչեւ մահս, հատնումի վերջին վայկեանը խաղաղ
Անհամարձակ խնդրելու ՝ բան մը պիտի չստանամ:
Թէեւ Աստուած փափկասիրտ ստեղծած է զանիկա,
Պիտի քալէ անտարբեր, շուրջն երգուած սխրալի,
Անպատասխան մրմունջը առանց բնաւ լսելու:
Հաւատարիմ, երկիւղած, պարտաճանաչ կին հլու՝
Պիտի ըսէ, երբ կարդայ այս տողերը իրմով լի.
«Ո՞վ է արդեօք այս կինը...»,− ու չհասկնայ պիտի:
(1906) Մերուժան Պարսամեան
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան