Կարելի էր այսպէս ալ գրել (8)
--Հայրի՛կ, գող մը բռնեցի,-- ձայն կու տայ անփորձ տղեկը:
--Ձգէ՛, թող երթայ,-- կը թելադրէ իմաստուն հայրը:
--Ես կը ձգեմ, ինք չ’երթար կոր,-- կը հակադարձէ տղեկը:
Պէտք կա՞յ ըսելու, թէ ամենավտանգաւորը՝ գողին երթալ չուզող տեսակն է:
* * *
Ահա այսքան ատեն է կը ջանամ ա՛լ օձիքս ազատել «Ազդակ»-ի մագիլներէն, որովհետեւ աշխարհի չորս կողմէն կը խնդրեն, կ’աղաչեն, գլուխս կը տանին, որ «քիչմըն ալ իրենցմով զբաղիմ», իրենց մասին մտածեմ, իրենց բարօրութեան հոգամ: --Ի՞նչ է, «Ազդակ»-ը վերի արտի ցորե՞՞՞նն է,-- հարցնողներ չեն պակսիր։ --Մե՛նք ալ հայ ենք,-- յիշեցնողներ կ’ըլլան։--«Այո՜,-- կ’ըսեմ, բոլորդ ալ հայ էք, սակայն ոմանք քիչ մը աւելի հայ են քան միւսները»,-- եւ «Ազդակ»-ը այս վերջիններէն է:
Քառասուն տարի ծառայեր եմ անոր, հիմա ինչպէ՞ս ձգեմ այս անմխիթար վիճակին մէջ, որ օր ըստ օրէ աւելի կը վատթարանայ եւ ապաքինման ոչ մէկ նշանցոյց կու տայ:
Եւ յետոյ...
«Եթէ մէկ ոչխարդ կորսուած է, միւս ինիսունինն պիտի ձգես ու այդ մէկ հատին ետեւէն երթաս, մինչեւ որ գտնես զայն», կը թելադրէ Ուսուցչապետը, եւ ես՝ եռախոնարհ աշակերտս պարտիմ հետեւիլ անոր թելադրանքին, ու փնտռել այդ մէկ կորուսեալը: Որպէսզի երկինք եւ երկիր ցնծան անոր երանելի դարձով «ի հարազատ տունիւր»: Պայմանաւ որ ուզեն վերադառնալ, ինչ որ առայժմ շատ... կասկածելի կը թուի:
* * *
--«Ուքրանիոյ նախագահը... շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական Միութեան աջակցութեան, ներառեալ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 13-րդ թղթածրարը հաստատելու համար» (24/2/2024, էջ 1):
Հայերէ՞ն է այս. Ո՛չ, հայերէն չէ, այլ հայերէն բառերու անմիտ կուտակում մըն է լղրճուկ մը, որուն «Ազդակ» ի քաղաքական էջը միայն կրնայ ծնունդ տալ՝ մենաշնորհեալի իրաւունքով:
Այդ անմտութիւնը հետեւանք է ներարեալ դերբային, որ կը նշանակէ «ներառելով», այսինքն՝ մէջը առնելով, մէջը ունենալով: Հիմաներառեալ գրաբարեան ձեւը փոխարինենք ներառելով աշխարհաբարեան ձեւով.
--«Ուքրանիոյ նախագահը... շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական Միութեան աջակցութեան, ներառելով Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 13-րդթղթածրարը հաստատելու համար»:
Իմաստ մը ունի՞ մէջբերուածը:
Ո՛չ, չունի, իսկ եթէ յանկարծ իմաստ մը կը տեսնէք անոր մէջ, ապա կը նշանակէ, թէ ինչ որ տեղ մը կայ ինչ որ խախտած բան մը, որ դարմանումի կը կարօտի: Ներառելով ը ներգործական դերբայ է, որ իմաստաւորուելու համար պարտի ստանալ հայցական հոլով խնդիր մը, որ կը պատասխանէ՝ «ի՞նչ ներառելով» հարցումին:
Ուղղեցէ՛ք այս հարցումը՝ որքան կ’ուզէք. այս բառակոյտին մէջ չկայ ոչ մէկ բառ, որ պատասխանէ ձեր հարցումին: Այստեղ մէկ հատ հայցական հոլով բառ կայ՝ թղթածրարը, որ ուղիղ խնդիրն է հաստատելու դերբային եւ ոչ մէկ առնչութիւն ունի ներառելով-ին հետ: Ներառելով-ը օդին մէջ կախուած անմիտ աւելորդաբանութիւն մըն է, որ իր հետ կ’իմաստազրկէ ամբողջ «նախադասութիւնը», իմա՝ ամբողջ «խօսքը»: Թող որայստեղ ո՛չ նախադասութիւն կայ, ո՛չ խօսք կայ. կայ իմացական խաժամուժ մը:
Այստեղ պէտք եղածը «ի մասնաւորի» ասոյթն է կամ մասնաւորաբար, մասնաւորապէս. փորձենք.
--«Ուքրանիոյ նախագահը... շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական Միութեան աջակցութեան, ի մասնաւորի Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 13-րդթղթածրարը հաստատելու համար»:
Հիմա կը թուի, թէ յստակ է ըսել ուզուածը. Ուքրանիոյ նախագահը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Եւրոպական Միութեան՝ անոր բերած աջակցութեան համար, եւ այս աջակցութեան մէջ մասնաւորաբար ուշագրաւ է, շեշտուած է (իմասնաւորի) Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու թղթածրարը:
Այս բոլորը սակայն արեւելահայերէն կը հոտի: Եւ որպէսզի արեւմտահայերէն դառնայ, ապա «հաստատելու» դերբայը պարտի առնել «ն» դիմորոշ յօդը՝ «13-րդ թղթածրարը հաստատելուն համար»:
* * *
--Նիկոլ Փաշինեանը քննադատած է Մուրատ Փափազեանին (անդ):' Քննադատել-ը հայցական հոլով խնդիր կը պահանջէ՝ Փափազեանը:
Եւ...Փաշինեանը ՝ ը-ով, նմանապէս արեւելահայերէն կը հոտի. արեւմտահայերէնը այդ յօդը չի դներ ենթակային վրայ:
--Փաշինեանը դարձեալ կրկնած է (անդ):
Դարձեալ-ը աւելորդաբանութիւն է. «Փաշինեան կրկնած է»:
--Մուրատ Փափազեան անգամ մը եւս մերժած է այն (անդ):
Արեւելահայերէն կը հոտի. պէտք է ելլայ՝ «մերժած է զայն»:
-Նիկոլ փաշինեան ըսած է, թէ [Մուրատ Փափազեան] ցոյց կազմակերպած է անոր դէմ (անդ):
Պէտք է ըլլայ՝ «իրեն դէմ»:
Ըսողը՝ ենթական, Փաշինեանն է, իսկ ցոյցն ալ կազմակերպուած է «իրեն դէմ»:
--Համախմբումը պահանջած էր յարգել իրենց՝ պաշտօնեաներ թէզինուորականներ, իրաւացի պահանջները (էջ 2):
Պաշտօնեաներ եւ զինուորականներ բացայայտիչն են իրենց բացայայտ ե ալ դերանունին, որ սեռական հոլով դրուած է. իսկ բացայայտիչը պարտի ունենան լբացայայտեալին հոլովը. այսինքն՝
«Համախմբումը պահանջած էր յարգել իրենց՝ պաշտօնեաներու թէզինուորականներու, իրաւացի պահանջները»:
--Մարդիկ լսեն ու տեսնեն կենդանի օրինակը՝ կարենալ ժառանգելու համարերկնային թագաւորութիւնը (էջ 4):
Պէտք է ըլլայ՝ «ժառանգել կարենալու համար»: Տեսնել նորոգ ղրկած ցուցակս:
Այս սխալ եւ անուղղայ հայերէնով ո՛չ երկնային, ո՛չ ալ երկրային թագաւորութիւնկը ժառանգուի. փակ պիտի գտնէք բոլո՛ր դռները:
Անդին հետեւողականօրէն կը մսխուի, սակայն, ազգային ժառանգութիւն մը.
--Լեզո՛ւն: Հայերէ՛նը: