Ճանչնանք մեր բառերը (9)
1. Ծա՞ծք, թէ՞ ծածկ
Ծածք բառը արեւմտահայոց մէջ առաջինը գործածուած կը գտնեմ Մխիթար Սեբաստացիի «Հին հայկազեան բառարան»-ին մէջ (1749)՝ «անծածք տեղիս» բառակապակցութեան մէջ (էջ 146բ), բաց բառայօդուածի բացատրութեան մէջ: Յատկանշական է, սակայն, որ Սեբաստացի ծածքկամ անծածք բառայօդուած չէ մուծած իր բառարանին մէջ՝ այս մէկը հաւանաբար համարելով «ռամիկ» կամ «աշխարհաբարեան», որ գրաբարը չունէր, կամ ալ ինծի բոլորովին անծանօթ՝ ուրիշ պատճառով մը:
Ծածք կը գտնենք նաեւ «Առձեռն»-ի մէջ՝ «դարանաւանդ» բառի բացատրութեան առթիւ՝ իբրեւ հոմանիշ ձեղուն եւ առիք բառերուն. սակայն այստեղ եւս իբրեւ ուրոյն բառայօդուած չի մտներ ան: Իսկ «Նոր հայկազեան»-ը ընդմիշտ չունի զայն:
Ծածք կը գտնենք Էլիաս Ռիկզի (1847) բառարանին մէջ, ինչպէս նաեւ Արսէն Բագրատունիի «Ի պէտս զարգացելոց»-ի 151-րդ էջին վրայ՝ ծածք շինեմ:
Այլեւ Գաբրիէլ Այվազովսկիի «Մասեաց աղաւնի»-ի մէջ (1855, թիւ 1) եւ Պետրոս Զեքի Կարապետեանի «Հայերէն-օսմաներէն» բառարանին մէջ (1907): Ասոնց կը հետեւի Գաբամաճեանի (1910):
Մեր երկլեզուեան բառարանները՝
--Նորայր Բիւզանդացիի
--Սամուէլ Գաթրճեանի
-- Եղիա Տեմիրճիպաշեանի
--Գուիտոն Լուսինեանի
--Մեսրոպ Նուպարեանի
--Գէորգ Պայլեանի
--Յարութիւն Քիւրքճեանի
--Գրիգոր Շահինեան
հայերէն-ֆրանսերէն կամ ֆրանսերէն հայերէն, այնպէս ալ հայերէն-անգլերէն՝ միահամուռ դրած ենծածք:
Իսկ մեր գրողներէն՝
Միսաք Մեծարենց իր «Առտուան արեւին մէջ» քերթուածին մէջ ունի՝
--«Ահա կ’անցնի ցայգս անքուն,
Մութին ծածքը կը մաշի»:
Յովհ. Գազանճեան Մեծարենցի այս օրինակը նոյնութեամբ փոխադրած է իր «Նոր քերականութիւն»-ին մէջ:
Դանիէլ Վարուժան գրած է.
--«Դագաղին ծածքը սեւ չ’իյնար իր վրայ» («Ձիւնէ դագաղը»):
Աւելի ուշ զայն ունի բառարանագիր Գայայեանը (1938), որուն այնուհետեւ հետեւած են արեւմտահայ միւս բառարանագիրները՝ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, Անդրանիկ Կռանեան, Պետրոս Ճիզմեճեան:
Գնէլ Ճերեճեան-Արտաշէս Տէր Խաչատուեան միացեալ բառարանի 1992-ի հրատարակութեան մէջ դրուած են հաւասարապէս ծածկ եւ ծածք՝ իբրեւ նոյն բառը: Սա միակ արեւմտահայ բառարանն է, ուր տեղ տրուած է ծածկ-ին՝ թէկուզ զայն նոյնացնելով ծածք-ին հետ, ինչ որ իր կարգին մոլորութեան ցուցանիշ մըն է, բայց եւ այնպէս, ինչ կրնանք ընել, մեր ունեցածը ա՛յս է:
2. Ակնբախ է այս ուղղագրութեան սխալ ու անվաւեր բնոյթը, որովհետեւ ծածք՝
ք-ով, կ’ենթադրէ գոյութիւնը ծած արմատի մը, ինչպէս՝ ոտք-ոտ, ձեռք-ձեռ, վարք-վար, պէտք-պէտեւ այլն, իսկ հայերէնը ծած արմատ չունի: Այս ալ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս դիւրին կը հաստատուին բառային սխալ աւանդոյթները եւ ի՛նչ հեզասահութեամբ կը գոյատեւեն անոնք: Արեւելահայերը ունին մի՛այն ծածկ, իսկ գրաբարը՝ ծածուկք. այս վերջինը տրամաբանօրէն պէտք է տար կա՛մ ծածկ՝ եզակի, ինչպէս է պարագան արեւելահայերէնի, կա՛մ ծածկք՝ յոգնակի, սակայն բնա՛ւ երբեք՝ ծածք. այսպիսի բառ չի կրնար ունենալ հայերէնը:
Կը մնայ, որ մեր հետագայ բառարանագիրները ա՛լ տեղ չտան անոր[1]:
3. Իմաստափոխութեան կամ երկփեղկումի մօտաւորապէս նոյն ճամբով ընթացած է խախուտ արմատը եւս, որ ածական մըն է:
Դասական հայերէնի մէջ ան կը ներկայանայ խախուտ անհնչիւնափոխ ձեւով՝ անխախուտ,− ճիշտ ինչպէս ծածուկ եւ անծածուկ-ն է,− եւ աշխարհաբարի մէջ անսպասելիօրէն դարձած է անխախտ: Անգամ մը որ յառաջացած է այս ամփոփ ձեւը, այնուհետեւ աշխարհաբարը իր բոլոր նոր բառերը կազմած է այդ ամփոփ ձեւով, այսպէս՝ անխախտ, իրաւախախտ,սահմանախախտ, օրինախախտ եւ այլն, փոխանակ խախուտ-ի՝ անխախուտ, իրաւախախուտ, սահմանախախուտ, օրինախախուտ եւ այլն, որոնք անհանդուրժելի կառոյցներ են աշխարհաբարի համար:
Ծանօթ.− «Նոր հայկազեան»-ը անխախտ-ը կը նկատէ «ռամիկ» բառ:
Ուրեմն իր սկզբնական նշանակութեամբ անհնչիւնափոխ խախուտ ածականը, ժամանակին հետ ամփոփուելով եւ խախտ դառնալով, ընկալուած է իբրեւ բայարմատ՝ խախտող կամ խախտուող իմաստով: Եւ ահա այս վերջին իմաստն է, որ օգտագործած է մեր արդի լեզուն անխախտ, իրաւախախտ, սահմանախախտ, օրինախախտ բառերու կազմութեան առթիւ. ասոնք բոլորը նորակազմ եւ շատ կենսունակ բառեր են, որոնց մէջ խախտ արմատը այլեւս խախուտ ածականը չէ, այլ ունի խախտող կամ խախտուող դերբայական նշանակութիւնները:
Այսպէս, ուրեմն, աշխարհաբարը, մեկնելով լեզուի տնտեսումի օրէնքէն, հնարած է արմատական ծածկ եւ խախտ զարտուղի վերջաբաղադրիչները՝ տնտեսելու համար ծածուկ եւ խախուտ ածականներու կրած իմաստային զարգացումները:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան
[1] Այս բոլորին մէջ յատկանշական է հայր Կռանեանի պարագան. իր «գերեզմանաքար» բառայօդուածին մէջ ան տուած է «գերեզմանի քարէ ծածկ, դամբանաքար» բացատրութիւնը, սական իբրեւ բացատրելի բառայօդուած՝ դրած է միայն ծածք եւ չէ անդրադարձած ծածկ-ի գոյութեան, որ իրն է եւ չենք գտներ ոչ մէկ ուրիշ բառարանագիրի՝ գերեզմանաքար-ի բացատրութեան մէջ: