Վահէ Յ. Աբէլեան
«Զարթօնք» վէպին հեղինակ Մալխասը մահացաւ1962-ին Պէյրութի մէջ երբ շրջանի մը համար՝ Ամերիկային Լիբանան եկած էր աշխատանքային այցելութեան համար։ Հետեւաբար այդ տարին էր որ հանդիպած եղած եմ իրեն քանի որ շրջան մը մնաց հօրս բանեցուցած պանդոկը – Հոթել Լիւքս։ Իսկ ես արդէն իր գրած քառահատոր վէպը կարդացած էի։ Եթէ գիրքին չորս հատորներուն ընթերցումս մէկ անգամ էր, եթէ ոչ աւելի, բայց վստահաբար անոր կարգ հը հատուածները կարդացած էի քանի մը անգամ՝ ինչպէս Վարդանին «կրակի մկրտութիւնը», պայթումը որուն հետեւանքով Վարդանը այլանդակուեցաւ բայց մնաց իր առաքելութեանը վրայ որպէս Լեւոն եւ ապա Լեւոնին եւ Սօնային ամուսնութիւնը երբ զանքակները կը ղողանչէին աւետելու Հայաստանի անկախութիւնը բայց ամուսնութիւնէն անմիջապէս ետք ուժասպառ Լեւոնը կը մահանար։
Քանի մը սերունդ այդ վէպով հաբշտակուած մնաց։ Անբնական չէր որ երկուղածութիւնս մեծ եղաւ երբ ծնողքս զիս ծանօթացուց վէպի հեղինակին։ Մալխասին եւ ծնողքիս բարեկամութիւնը մտերիմ եղած ըլլալ կը պատկերացնեմ մտապատկերիս մէջ, մանաւանդ մօրս հետ։ Այդպէս ալ կը վկայէ Մալխասին ծնողքիս նուիրած լուսանկարը հետեւալ արձանագրութեամբ՝ «Սիրելի Զուարթին ....Յովհաննէսին, Սիրով Մալխաս»։ Այդ լուսանկարը նուիրեցի Project Save-ին։ իսկ տպաւորութիւններուս մասին նախապէս անդրադարձած եմ պլակիս մէջ, «Զարթօնք»ին Անգլերան թարգմանութեանը առթիւ։
Մալխասը 85 տարեկան էր երբ մահացաւ։ Բայց իմ պատանեկան տպաւորութիւններս առոյք մարդու մըն են։ Այսօր ստացած հեռաձայնը հաստատեց որ տպաւորութիւններս ճիշդ եղած են։ Հաճելի անակնկալ մը եղաւ ինծի հեռաաձայն ստանալ Աբգար Միրաքեանէն։ Նախապէս չենք խօսած։ Աբգարը հետեւալը պատմեց։ Պանդոկին մօտ, կեդրոնական Պէյրութի մէջ, ընդհանրապէս կերպասի եւ կերպասեղէնի առընջութեամբ վաճառքի շուկայ մը կար որ կը կոչուէր Սուք Էլ Սըրսօք։ Վաճառատեղերը միայն խանութներ չէին։ Անոց կողքին Կային նաւ կրպակներ։ Այդ կրպակներէն մէկուն աշխատած է Աբգարը իր պատանեկութեան։ Մալխասը յաճախ կրպակին տիրոջը այցելութեան եկած է, միասնաբար սուրճ խմելու համար, տրուած ըլլալով մտերիմ բարեկամներ դարձած են։
Աբգարը եւ ես սերդնակից ենք։ «Զարթօնք»ը կլանած եղած է նաեւ զինք։ Վստահաբար ինծմէ աւելի համարձակ, թերեւս անոր համար որ քանի մը տարիներ ինծմէ տարեց է, հարց տուած է Մալխասին որ արդի՞ոք Թոփալ Սատանան՝Կարօ Սասունիին մտապատկերով եղած է, իսկ Առիւծը Գեւոն՝ Ապաղանաց Մակարին. հապա վարդան-Լեւո՞նը՝ Արամ Մանուկեանին մտապատկերով։ Մալխասին տուած բացատրութիւնը երիտսարդութեան սեմին գտնուող Աբգարին ինծի համար նորութիւն մը եղաւ եւ վեր՚ջ տուաւ իմ պարբերական եւ պատեհ առիթներու մտմտուքներուս թէ որո՞նց մտապատկերներով Մալխասը կրնար ստեղած ըլլալ «Զարթօնք»ին հերոսները։
Մալխասին տուած բացատրութիւնը եղած է հետեւաելը՝ որ վէպին հերոսները ներկայացուցած են խորհուրդներ։ Թոփալ Սատանան եւ Առիւծ Գեւոն մարմնաւորած են յեղափոխութիւնը, Վարդան-Լեւոնը՝ անկախութիւնը, իսկ Սօնան՝ Հայաստանը։ Երբ յետնդարձ ակնարկով կը վերյիշեմ յիսուն եւ աւելի տարիներ առաջ կարդացած վէպս, կը պատկերացնեմ որ իրապէս այդ խորհուրդները եղած են վէպին հերոսները։ Երիտասարդուհի, գեղեցիկ եւ շփացած Սօնան-Հայաստանը նախ իր կեանքը փոձեց տեսնել Ռուս բարձրաստիճան սպային հետ եւ տարուեցաւ անոր շրջապատով եւ ապա ամբողջութեամբ յեղաշրջեցաւ եւ դարձաւ իր երկրին խնամակալը։ Խոհուն երիտսարդ Վարդան-Անկախութիւնը այլ հեռանկար ունէր եւ մնաց այդ առաքելութեանը հետամուտ մինչեւ իր մահը։ իսկ թոփալ Սատանան եւ Առիւծ Գեւոն-Յեղափոխոթիւնը իրենց պարզութեանը մէջ, առանց գանգատի, ջահակիրները էին իրենց կոչումին։ Վէպին աւարտին իւրքանչիւրը ունեցաւ իր լիութիւնը։ Վարդան-Լեւոն-Անկախութիւնը ամոււսնութեամբ միացան՝ հոգածոյ քոյր մը դարձած իր երբեմնի սիրուհիին Սօնա-Հայաստանը եւ անոր անխախութեան ձտգող Սօնա-Հայաստանին երբեմնի սէրը։ իսկ Թոփալ Սատանան-ԱռիւծԳեւո-Յեղափոխութիւնը աւետեց այդ միացումը՝ զանգակներուն ղողանչումը վերագրելով այդ ամուսնութեան, Ազատ եւ Անկախ Հայաստանին ծնունդին՝ որն էր նաեւ վէպին երկու գլխաւոր հերոսներուն ամուսնութիւնը։
Տակաւին քանի մը օր առաջ Ֆէյսպուքին վրայ Իվան Արտհալտճեանը հարց կուտր որ եթէ Մալխասին «Ապրումներ» գիրքը երկհատոր է։ Որքան որ կը յիշեմ ան մէկ հատոր է։ Անհամբեր սպասած եմ այդ գիրքին ակնկալելով որ հոն պիտի կարդայի «Զարթօմք»-ն հերոսներուն բացայայտնումը։ Այդպէս բան չկար։ Մալխասը նաւե հեղինակն է «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը» գիրքին՝ հրատարակուած 1931-ին, կուսակցութեան քառասուն ամեակին առթիւ։ Այդ գիրքին մէջ կայ ամբողջ բաժին մը «Ապրումներ» վերնագրով։ ՀԹերեւս «Ապրումներ» որպէս գիրք (1956) այդ հատորէն է ընդհանրապէս բայց ընդարձակուած։ Աբգար Միրաքեան կը յիշէ նաեւ հետեւեալ երկու հատորները՝ «Լուսադեմին» եւ «Արեւագալը»:
“Զարթօնք» լոյս գրուած է 1933-ին, երբ արդէն «Ապրումները» գրուած էր, եւ հրատարակուեցաւ անոր յաջորդող քանի մը սերունդերուն համար որոնց պատանեկութիւնը անցաւ իրենց ծնողական տուններուն մէջ ուր չկար ոչ հեռաձայն եւ ոչ ալ հեռատեսիլ։ Կար ընթերցանութիւնը։ Կար հայ օրաթերթին մէջ առօրեայ ընթերցանութեան համար կտրոն որ կը հաւաքուէր օր, օր կազմելու համար որպէս գիրք մը։ Կը կասկածիմ որ ներկայ սերունդը պիտի ապրի «Զարթօնք» վէպը այնպէս ինչպէս այդ սերունդները, թէեեւ կարդայ «Զարթօնք» վէպին Անգլերէն լարգմանութիւնը՝ այլ «դարք, այլ բարք»։ (http://vhapelian.blogspot.com/2017/03/zartonk-awakening.html)
1956, Պէյրութ |