Վաhէ Յ Աբէլեան
Այսօր Վարդան Թաշճեանը Լիբանէն հետեւեալ նկատողութիւնը ըրած էր իր էջին վրայ՝
«Լիբանանի մէջ հայկական երեք կուսակցութիւններ ( ՍԴՀԿ ՀՅԴ ՌԱԿ) մամուլով հրաւիրեցին նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 110ամեակը Պէյրութի կեդրոնին մէջ: Գլխաւոր կարգախօսներէն մէկը կըսէ` "քանդենք լռութեան շղթան": Այս կարգախօսը (կամ անոր բնօրինակը` քանդենք լռութեան պատը) իմաստ մը ունէր 1955-ին, 1965-ին, 1975-ին, 1985-ին, սակայն կը կասկածիմ որ, օրինակ, 1995-ին ու բնականաբար անկէ ետք կրնար պահած ըլլալ որեւէ այժմէականութիւն:
Կարգախօսը յայտնապէս կը վերաբերի Ցեղասպանութեան փաստի ընդունման, համաշխարհային ճանաչման, անոր մասին մարդոց իրազեկուածութեան եւ այլն: Այդ բոլորը, սակայն, եղած են արդէն: 2025-ին, այդ բոլորը կան, գոյութիւն ունին, կարեւոր չափերով: Փաստերը յայտնի են բոլորիս` մինչեւ ԱՄՆ նախագահի յայտարարութիւնը քանի մը տարի առաջ:
Այո, ճանաչումը կրնար աւելի ծաւալուն ըլլալ, սակայն երբեք այնքան նսեմ ու փոքր չէ, որ որեւէ մէկը մտածէ հայ մարդիկը դնել դէմ յանդիման "լռութեան շղթայի" մը, զոր պէտք է քանդել: Գոյութիւն չունի լռութեան շղթայ: Տասնամեակներէ ի վեր օր չ'անցնիր որ ցեղասպանութիւնը այս կամ այն կերպ թեմա չդառնայ զանազան շրջանակներու մէջ (Թուրքիոյ ուրացումը, Իսրայէլի տմարդութիւնը կամ Փաքիստանի մը անտարբերութիւնը եղանակ չեն ստեղծեր, ինչպէս կըսեն):
Երեք կուսակցութիւնները Լիբանանի մէջ ունին բազմաթիւ հետեւորդներ: Ունին ազդեցութիւն: Ամէն տեղ, ազդեցութիւնը զօրաւոր կ'ըլլայ յատկապէս պատանիներու եւ երիտասարդներու վրայ, ի բնէ: Նշածս կարգախօսին նման անմիտ կարգախօսները վատ ազդեցութիւն ունին մեր երիտասարդներու մտային առողջութեան վրայ: Այդ կարգախօսները ոչ ներկայի իրականութեան մասին բան մը կըսեն, ոչ ալ ուղենիշ մըն են ապագային համար: Անոնք սուտ կարգախօսներ են, որոնց հեղինակները պէտք է պատժուին, իւրաքանչիւրը` իր կուսակցութեան մէջ:»
Մէջբերումը ըրի պարզապէս վերջին նախադասութեանը համար։
Քանի մը օր առաջ կարդացի որ Մասաճուսէդս (Massachusetts) նահանգին կառաւարիչը նշանակած է Ապրիլ ամիսը նահանգին «Ամերիկայի Հայկական ժառանգութեան Ամիս»ը - Armenian American Heritage Month -(տես ներքեւը)։ Իսկ այս նշանակումը ըրած է ոչ թէ նահանգին հայկական կազմակերպութիւններուն եւ կամ հայ եկեղեցիներուն միացեալ ճիքերուն շնորհիւ։ Նահանգին՝ Ապրիլ ամիսը «Ամերկայի Հայկական ժառանգութեան Ամիս» կոչելու ճանաչումը կարելի եղած է, Անահիտ Մարության անունով աշակերտուհիի մը նախաձեռնութեան շնորհիւ։ Աշակերտուհին նմանապէ կրթանպաստ ստացած է շարունակելու իր համալսարանական ուսուցոմը Clark համալսարանին մէջ։
Շատ լաւ եւ շատ բարի եւ գնահատելի որ հայ երիտասարդ աշակերտուհին նման ձեռնարկ մը ծրագրած եւ յաջողցուցած է։ Բազում են Հայոց Ցեղասպնութիւնեան հայանպաստ աշխատանք տանողները քանի որ կրցած ենք փոխանցել այդ մէկը, բայց ոչ հայ լեզուն, ոչ հայ գրականութիւնը, ոչ ալ մեր պատմութիւնը, եւ ոչ ալ հաւաքական կազմակերպութեան բարիքները։
Մասաճուսէդսը՝ Ամերիկահայ գաղութային կեանքին ամենէն հին նահանգն է։ Իսկ մենք Ուսդըր (Worcester) քաղաքին արուարձաններէն՝ Boylston ըսուած արուարձանին մէջ հաստատուած ենք 2018 թուականէն ի վեր։ Ուսդըր (Worcester) քաղաքը առաջինն է ուր Ամերիկահայ գաղութը սկսած կազմակերպուիլ։ Ամերիկահայ առաջին եկեղեցիները այս քաղաքին մէջ հիմնուած են։ Այս քաղաքին մէջ է որ Խրիմեան Հայրիկին կոնդակով հիմնուած է Ամերիկահայ արաքելական առաջին՝ Էջմիածին Կաթողիկոսութեան պատկան թէմը եւ անոր եկեղեցին – Սուրբ Փրկիչ (1891)։
Ամերիկայի հայ աւետարանական առաջին եկեղեցին այս քաղաքին մէջ հիմնուած է եւ տակաւին գոյ է՝ Հայ նահատակած Եկեղեցին – The Armenian Church of the Martyrs (1901)։ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Միւթիւնը (AMAA), ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը (AEUNA), այս քաղաքին եւ անոր Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին մէջ հիմնուած են։
Այս նահանգինէ մէջ է որ Ամերիկահայ մամուլը սկսած է՝ այժմու «Հայրենիք» շաբաթաթերթով։
Բայց այս նահանգին մէջ միայն մէկ հատ հայ նախակրթարան մը կայ – մինչեւ 5-րդ կարգ - հայահոծ Պոսթոն քաղաքին մէջ։ Իսկ Worcester քաղաքին մէջ նոյնիսկ միօրեայ հայ դպրոց չկայ։ Հայերէն լեզուն դադրած է գաղութային յաղորդակցութեան լեզու ըլլալէ։ Հայ գիրը, գրականութիւն, հայերէն գրել, կարդալ գրեթէ չգոյ է։ Հայախօս մշակոյթային կեանքը ամլացած է։
Միակը որ կը թուի կրցած ենք փոխանցել իրերայաջորդ սերունդներուն՝ ցեղասպանութեան իրողութիւնն է։ Ամէն բանէ վեր եւ ամէն բանէ առաջ այդ իրողութեամբ է որ կարծէք կը պահենք մեր ինքնութիւնը՝ հոս։
«Ամերիկայի Հայկական ժառանգութեան Ամիս»ը - Armenian American Heritage Month - https://vhapelian.blogspot.com/2025/04/proclamation-armenian-american-heritage_8.html